Ռուսիան չի ճանչնար Հաագայի միջազգային քրէական դատարանն ու անոր իրաւասութիւնը. Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան չի ճանչնար Միջազգային քրէական դատարանի որոշումը՝ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական բանակի ռազմական յանցագործութիւններու գործերով, գրած է «Քոմերսանթ»ը։
The New York Times-ը նախօրէին յայտնած էր, որ Միջազգային քրէական դատարանը կը պատրաստուի քրէական գործեր յարուցելու ռազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ եւ պիտի պահանջէ քանի մը անձանց ձերբակալութեան հրամաններ։
«Մենք չենք ճանչնար այս դատարանը, չենք ճանչնար այդ դատարանի իրաւասութիւնը։ Այսպիսին է մեր վերաբերմունքը ատոր»,- լրագրողներուն ըսած է Տմիթրի Փեսքովը:
Ըստ The New York Times-ի՝ Միջազգային քրէական դատարանը յառաջիկային կը ծրագրէ ռուս զինուորականներու դէմ յարուցել առաջին երկու գործերը՝ Ուքրանիոյ մէջ միջազգային ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու համար։ Առայժմ յայտնի չէ, թէ իւրաքանչիւր գործով որու մեղադրանք պիտի առաջադրուի։
Reuters-ը նաեւ յայտնած է, որ Միջազգային քրէական դատարանը կը պատրաստուի ձերբակալելու ռուս պաշտօնեաներ՝ Ուքրանիայէն երեխաներ բռնի տեղահանելու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու վրայ յարձակելու մեղադրանքով: