Ռուսիա կ'ողջունէ Պաքու-Երեւան-Թիֆլիս քննարկումը, եթէ ատոր ետին Արեւմուտքը չէ. Զախարովա

2023-02-10
Image

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան այսօր ըսած է, որ Մոսկուան կ'ողջունէ Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի եռակողմ երկխօսութիւնը, «եթէ այն ենթակայ չէ Արեւմուտքի կործանարար ազդեցութեան»։

«Եթէ Երեւանի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի միջեւ եռակողմ երկխօսութիւնը կը նպաստէ Անդրկովկասի մէջ հակասութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ապա մենք կրնանք միայն ողջունել։

Եթէ, այնուամենայնիւ, Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի ուրուագծերը ինչ-որ կերպ տեսանելի ըլլան այս նախաձեռնութեան ետին, որու նպատակն է խաթարել Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարումը, սա արդէն այլ պատմութիւն է»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Զախարովան: