Ռուսիա պատրաստ է երկխօսութեան եւ յոյս ունի, որ ԱՄՆ խելամտութիւն կը ցուցաբերէ

2022-09-05
Image

Ռուսիա պատրաստ է կառուցողական զրոյց վարելու ռազմավարական կայունութեան եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ եւ յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգներ ողջամտութիւն եւ սթափութիւն կը ցուցաբերէ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին քաղաքականութեան ծրագրաւորման բաժնի տնօրէն Ալեքսէյ Տրոպինին։ Տեղեկութիւնը  հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

«Ռազմաշինութեան, ինչպէս նաեւ հայեցակարգի փոփոխութիւններու ոլորտին մէջ մեր ընդդիմախօսներու գործողութիւնները կը վերահսկուին։ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները միջուկային խոշորագոյն երկու տէրութիւններն են։ Եւ մենք կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յատուկ պատասխանատւութիւն կը կրենք ռազմավարական կայունութեան ու միջազգային անվտանգութեան պահպանման համար», – ըսած է ան։

Տրոպինին նշած է, որ ամերիկացիներու հետ Ռուսիոյ փոխգործակցութեան անհրաժեշտութեան հարց չկայ։ Նման փոխգործակցութենէն կախուած է համաշխարհային կայունութիւնն ու ողջ մարդկութեան բարեկեցութիւնը։

Միակ խնդիրն այն է, որ միւս կողմէն ամբողջ աշխարհի համար իսկապէս կարեւորագոյն այս թեմաներու վերաբերեալ կառուցողական զրոյց վարելու պատրաստակամութիւն չկայ։ Տրոպինինը աւելցուցած է, որ ռուսական կողմէն նման պատրաստակամութիւն կայ, եւ յոյս յայտնած է, որ ամերիկեան գործընկերները ողջամտութիւն եւ սթափութիւն կը դրսեւորեն։