Ռուսիա պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները. ԵՄ-ն պատասխանած է Փութինի` միջուկային պայմանագրին ՌԴ մասնակցութիւնը կասեցնելու որոշման

Եւրոպական Միութիւնը կը կարծէ, որ Ռուսիա պէտք է կատարէ իր պարտաւորութիւնները, որոնք ստանձնած է Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու հետագայ կրճատման եւ սահմանափակման միջոցառումներու մասին պայմանագրի (START) համաձայն եւ Միացեալ Նահանգներուն հնարաւորութիւն տայ ստուգելու իր միջուկային զինանոցները: Այս մասին ըսուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ նախապէս ստորագրուած պայմանագիրը կը զօրացնէ ռազմավարական կայունութիւնը եւ փոխադարձ վստահութիւնը երկու խոշոր միջուկային տէրութիւններու՝ Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ։
Պայմանագրի կասեցումը «կը խաթարէ եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը եւ էականօրէն կը տապալէ սպառազինութիւններու վերահսկման ջանքերը»,ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը նշած է, որ միջուկային զինանոցի նկատմամբ վերահսկողութեան կորուստը չի բխիր պայմանագրի անդամ երկիրներու եւ ոչ ալ որեւէ այլ երկրի շահերէն։ Պրիւքսէլը կոչ ըրած է Մոսկուային հեշտացնելու ստուգումները եւ պահպանելու պայմանագիրը։
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Դաշնային ժողովին ելոյթի ժամանակ յայտարարած էր Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու հետագայ կրճատման եւ սահմանափակման միջոցառումներու մասին պայմանագրին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը կասեցնելու մասին։ Ան նաեւ կարգադրած էր պատրաստ ըլլալ միջուկային փորձարկումներու մեկնարկին։