Ռուսիա սկսած է կանոնաւոր կերպով իրանեան «Շահետ»-ներ ստանալ. բրիտանական հետախուզութիւն

Ռուսիան, ըստ ամենայնի, սկսած է կանոնաւոր կերպով ստանալ իրանեան արտադրութեան «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերու փոքր խմբաքանակներ: Այս մասին ըսուած է Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ մարտ 26-ին հրապարակուած զեկոյցին մէջ, հաղորդած է ուքրանական korrespondent.net կայքը։
«Ռուսիան, ամենայն հաւանականութեամբ, սկսած է կանոնաւոր կերպով «Շահետ» անօդաչու թռչող սարքերու փոքր խմբաքանակներով լրացնել իր պահուստները»,-ըսած են բրիտանացի զինուորականները:
Բրիտանական յետախուզութեան տուեալներով՝ այս տարուան մարտի սկիզբէն Ռուսիա Ուքրանիոյ մէջ թիրախներու դէմ արձակած է առնուազն 71 «Շահետ» անօդաչու: Նշուած է, որ հարուածները յաջորդած են գրոհներու երկշաբաթեայ դադարին:
Համաձայն տեղեկատւութեան՝ ռուսական կողմը «Շահետ»-ները կ'արձակէ երկու ուղղութենէ՝ Քրասնոտարի երկրամասէն եւ Պրեանսքի մարզէն, որ թոյլ կու տայ թիրախաւորել Ուքրանիոյ լայն հատուածը եւ կը կրճատէ թռիչքի ժամանակը դէպի երկրի հիւսիսը գտնուող թիրախներ։
Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ետք պաշտօնական Քիեւն ու Արեւմուտքը բազմիցս յայտարարած են, որ Թեհրան Մոսկուային մարտական անօդաչուներ կը մատակարարէ: Սակայն Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ու Իրանը կը հերքեն այս պնդումները: