Ռուսիա փրկարարներու խմբակներ ուղարկած է Սուրիա

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 6 փետրուարին ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Սուրիոյ ժողովուրդին առաջարկած մարդասիրական օժանդակութիւնը:
Ասատի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, Փութին շեշտեց, որ Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նխարարութենէն փրկարարներու խմբակներ Սուրիա պիտի հասնին յառաջիկայ ժամերուն:
Նախագահ Փութին իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց երկրաշարժի զոհերուն եւ շեշտեց Սուրիոյ ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու՝ Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը: