Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վոլոտինը հանդիպած է Ալիեւի հետ

2022-09-26
Image

Ռուսիոյ Դաշնութեան Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինը հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Վոլոտինը Ալիեւին փոխանցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնի խօսքերը եւ լաւագոյն մաղթանքները։ «Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան՝ շատ հարցերու վերաբերեալ մեր նախագահներու ջանքերու շնորհիւ»,- նշած է ան։

Վիաչեսլաւ Վոլոտինն ընդգծած է, որ Պետական Տուման եւ Միլի մեճլիսը պէտք է աշխատին Երկու երկիրներու դաշնակցային փոխգործակցութեան հռչակագրի իրականացման օրէնսդրական ապահովման ուղղութեամբ։

Ալիեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ միջխորհրդարանական շփումներու շարունակման յոյս յայտնած է, նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ։