Փենթակոն հարուածած է Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանեան կառոյցներ

2023-03-24
Image

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը հինգշաբթի շարք մը օդային հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ մէջ գտնուող կառոյցներու, որոնք, ըստ Ուաշինկթընի, կրնան կապուած ըլլալ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատին հետ: Այս մասին յայտնած է Փենթակոնի մամուլի ծառայութիւնը։

Այն նշած է, որ յարձակումը տեղի ունեցած մարտ 23-ին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային հակաահաբեկչական դաշինքի ռազմակայանի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման պատճառով, որու հետեւանքով զոհուած էր մէկ ամերիկացի պայմանագրային, ինչպէս նաեւ հինգ զինուոր։ Ըստ ամերիկեան հետախուզական համայանքի՝ անօդաչուն իրանական եղած է:

«Նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցումով ես լիազօրած եմ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան ուժերը այս գիշեր ճշգրիտ օդային հարուածներ հասցնել Արեւելեան Սուրիոյ մէջ իրանեան Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետ կապուած խմբաւորումներու կողմէ օգտագործուող կառոյցի վրայ», -ըսած է պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն:

Ան աւելցուցած է, որ օդային հարուածները եղած են ի պատասխան Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետ կապուած խմբաւորումներու կողմէ յարձակման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ դաշինքի ուժերու վրայ վերջին յարձակումներուն:

«Ինչպէս նախագահ Պայտըն յստակեցուցած է, մենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները պիտի ձեռնարկենք մեր ժողովուրդը պաշտպանելու համար եւ միշտ պատասխան պիտի տանք մեր ընտրած ժամանակին եւ վայրին մէջ», - աւելցուցած է Օսթըն՝ նշելով, որ «մեր զօրքերը հարուածող ոչ մէկ խմբաւորում անպատիժ պիտի մնայ»: