Քոնկրէսական Փալոնը Ներկայացուցիչներու պալատ ներկայացուցած է Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւ

2020-10-23
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայաստանի հարցով խումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը Ներկայացուցիչներու պալատի՝ երկու կուսակցութիւնները ներկայացնող 30 անդամի հետ շրջանառութեան մէջ դրած է բանաձեւ, որով կոչ կ'ըլլայ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը որպէս Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հիմք:

Ամերիկայի ազգային հայկական համագումարի հաղորդմամբ՝ բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ընթացիկ յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու նկատմամբ, կոչ կ'ընէ դադրեցնելու ռազմական օգնութեան տրամադրումը Ատրպէյճանին, կը յորդորէ, որ Արցախը դառնայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ ընթացող բանակցութիւններու ուղղակի մասնակից եւ, ընդհանուր առմամբ, կոչ կ'ընէ նաեւ թուլացնելու ԱՄՆ-ի եւ Արցախի միջեւ հաղորդակցման ոլորտի մէջ առկայ սահմանափակումները:

«Շատ կարեւոր է, որ Ներկայացուցիչներու պալատը Արցախի եւ անոր ժողովուրդի անկախ ապրելու նպատակը սատարելու յստակ ուղերձով հանդէս գայ, յատկապէս Մայք Փոմփէոյի հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու կարեւոր հանդիպումներու նախօրէին: Քանի որ այս արիւնալի հակամարտութիւնը կը շարունակուի, ժամանակն է վերջապէս ճանչնալու Արցախի՝ անկախ ապրելու օրինական պահանջը եւ պաշտօնապէս ճանչնալու այդ ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը»,- յայտարարած է բանաձեւի հեղինակ Փալոնը:

«Ընթացքին մենք պէտք է նաեւ հաստատուն քայլեր ձեռնարկենք Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ իրենց յարձակման համար պատասխանատւութեան ենթարկելու եւ Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերը լուծող կայուն լուծում ստեղծելու ուղղութեամբ: Այս բանաձեւի ներդրումը կ'օգնէ մեզի այդ ճանապարհով ընթանալ»,- նշած է քոնկրէսականը: