Քրեմլին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին է. Լաւրով

Քրեմլինին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները, ըստ էութեան, կը խօսին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին։ Այս մասին ԹԱՍՍ–ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Ուաշինկթըն գացած է ամենահեռուն. այնտեղ որոշ «անանուն պաշտօնական այրեր» Փենթակոնէն փաստացի սպառնացած են «գլխատող հարուած» հասցնել Քրեմլինին, խօսքը, ըստ էութեան, Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարի ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքի մասին է։ Եթէ նման գաղափարներ որեւէ մէկը իսկապէս ունի, պէտք է շատ լաւ մտածէ ատոր հնարաւոր հետեւանքներու մասին», –ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը։
Ըստ անոր` Արեւմուտքի քաղաքականութիւնն ընդհանուր առմամբ ուղղուած է Ռուսիոյ համընդհանուր զսպման ու յղի է միջուկային տէրութիւններու ռազմական անմիջական բախման վտանգով։
Լաւրովն ընդգծած է, որ Արեւմուտքը մշտապէս «անպատասխանատու շահարկումներ կ'ընէ առ այն, որ Ռուսիան իբրեւ թէ շուտով Ուքրանիոյ դէմ միջուկային զէնք պիտի կիրառէ»։
Ռուս նախարարը շեշտած է՝ Մոսկուան դարձեալ կը կրկնէ, որ միջուկային պատերազմին յաղթող չի կրնար ըլլալ, «եւ այն երբեք պէտք չէ սանձազերծուի»։