Ֆրանսայի մէջ համազգային գործադուլ է

2023-02-01
Image

Ֆրանսայի մէջ համազգային գործադուլ է՝ կենսաթոշակային տարիքի շեմը երկու տարիով բարձրացնելու կառավարութեան նախաձեռնութեան դէմ։

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։

Գործադուլի պատճառով կրճատուած է ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութիւնը, հասարակական փոխադրամիջոցներու մեծ մասը կանգնած է, ուսումնական հաստատութիւնները, դպրոցներու ուսուցիչներու մէկ մասը եւս միացած են բողոքի ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ որոշ հեռուստաընկերութիւններու աշխատակիցները, որու պատճառով ամենօրեայ լուրերու թողարկումներու փոխարէն երաժշտութիւն կը հեռարձակուի։

Գործադուլի կազմակերպիչ արհմիութիւնները մտադիր են շարունակել ճնշումները կառավարութեան վրայ, որ կ'առաջարկէ կենսաթոշակի շեմը սահմանել 64 տարեկանէն։ Հարցումները կը վկայեն, որ ֆրանսացիներու մեծ մասը դէմ է առաջարկուող փոփոխութեան, սակայն նախագահ Էմանյուէլ Մաքրոն չի նահանջեր, պնդելով, որ բարեփոխումները «կենսական կարեւոր են»։