Ջուղայի մէջ պատմական հայկական յուշարձանները ոչնչացուած են․ Ոմանք այն «մշակութային ցեղասպանութիւն» կ'անուանեն․ LATimes

2019-11-08
Image

Դարեր շարունակ Ջուղայի սուրբ խաչքարերը՝ 16-րդ դարու հսկայական եւ հարուստ զարդանախշերով յուշաքարերը, կանգնած եղած են Արաքսի ափերուն՝ զգօնութեամբ պահպանելով աշխարհի խոշորագոյն միջնադարեան հայկական գերեզմանոցը։ Երկրաշարժերը, պատերազմներն ու վանտալիզմը նօսրացուցած են անոնց շարքերը, բայց 20-րդ դարու կէսերուն հազարաւոր խաչքարեր դեռ կանգուն էին, կը գրէ LATimes-ը։

Մինչդեռ այսօր Ջուղայի մէջ՝ Ատրպէյճանի հեռաւոր նախիջեւանեան տարածարջանին մէջ չկայ ոչ մէկ խաչքար։ Հակառակ անոնց պաշտպանութեան վերաբերեալ ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի 2000 թուականի յանձնարարութեան, Hyperallergic ամսագրին մէջ այս տարի հրապարակուած վկայութիւնները ցոյց կու տային, որ յուշարձանները թաքուն եւ պարբերաբար ոչնչացուած են՝ Նախիջեւանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ աւերածութիւններու մաշտապները ապշեցնող են․ 89 միջնադարեան եկեղեցիներ, 5840 խաչքար եւ 22 000 տապանաքար։ Նշուած յօդուածի համահեղինակ 33-ամեայ Սիմոն Մաղաքեանը 1997-2006 թուականներուն Ատրպէյճանի մէջ եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու ոչնչացումը անուանած է «21-րդ դարու մշակութային ցեղասպանութիւն»։ 

Աքթիւիսթներու խօսքերով, 2003 եւ 2009 թուականներու արբանեակային լուսանկարները կը վկայեն Ջուղայի մէջ աշխարհի ամենամեծ միջնադարեան հայկական գերեզմանոցի ոչնչացման մասին։ 

Մաղաքեանը ցոյց կու տայ «առաջ եւ յետոյ» լուսանկարներու սալիկներ, արբանեակային լուսանկարներ, ատրպէյճանական արխիւային փաստաթուղթեր ու տեսագրութիւններ՝ ատրպէյճանական բանակի կողմէ հայկական սրբավայրերու ոչնչացման ապացոյցներ։

Ի տարբերութիւն «Իսլամական պետութեան» եւ թալիպանին, որոնք նպաստած են պատմական աւերակներու ու յուշարձաններու ոչնչացման, ատրպէյճանական պաշտօնեաները կը հերքեն, որ հայկական գերեզմանոցներն ու եկեղեցիները, որոնց մասին կը խօսուի, երբեւէ գոյութիւն ունեցած են։

«Այդ աւելի վատ է, քան այն ինչ կ'ընէր «Իսլամական պետութիւնը»,- ըսած է Մաղաքեանը,- «Ինչպէ՞ս կրնար աշխարհը անտեսել այս։ Ինչպէ՞ս Ատրպէյճանը անպատիժ մնաց։ Եւ եթէ ես չպատմեմ այս պատմութիւնը, ապա ո՞վ պիտի ընէ այն։ Ես երբեք չեմ ներեր ինծի, եթէ աշխարհը չիմանայ մեր ժամանակներու ամենամեծ մշակութային ցեղասպանութեան մասին»։

Նախիջեւանը մեկուսացուած տարածաշրջան է, որ կը վերահսկուի Ատրպէյճանի կողմէ, սակայն առանձնացուած է այս երկրի մնացած մասէն, որ շրջապատուած է Հայաստանով, Իրանով եւ Թուրքիայով։ Պատմականօրէն հայկական Նախիջեւանի տարածքը այսօր բնակեցուած է առաւելապէս ատրպէյճանցի թուրքերով։ Մաղաքեանն այն բնութագրած է որպէս «նախկին Խորհրդային Միութեան Հիւսիսային Քորէա», որուն ակնդէտ կը հետեւէին եւ խստօրէն կը վերահսկէին։ Մասնաւորապէս, Ջուղան դժուարամատչելի է, այն տեղակայուած է Նախիջեւանի եւ Իրանի միջեւ հարաւային ռազմականացուած սահմանի երկայնքով։

Մօտ 20 խաչքարեր, որոնք խորհրդային տարիներուն հանուած են Ջուղայէն, կը պահպանուին աշխարհով մէկ թանգարաններու հաւաքածուներուն մէջ, այդ շարքին՝ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» արուեստներու թանգարանին մէջ (Թանգարանը խաչքարերը անցեալ տարի ներառած էր «Հայաստան» յայտնի ցուցահանդէսին)։

Մաղաքեանը ոչ միայն անտրտունջ կը տարածէ մշակութային այդ կորուստի մասին տեղեկատւութիւնը, այլեւ ան այժմ ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդին կը համոզէ Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններու հետաքննութիւն սկսիլ։

Անոր խօսքերով, իր գլխաւոր նպատակը պարզապէս ստիպելն է, որ աշխարհը վկայէ մշակութային ցեղասպանութեան գործի մասին։