Ազատականութիւնը հիմք ՝հայկական պետականութեան զարգացման.Գէորգ Հալէպլեան
Քաղաքագիտութեան մէջ ընդունուած է, որ ազատականութիւնը կը հակադրուի պահպանողականութեան։ Ի սկզբանէ ալ այդպէս էր, երբ յառաջացած էին այս գաղափարախօսութիւնները ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական վերափոխումներու, յեղափոխութիւններու եւ միջազգային տեսութիւններու սկզբնաւորման փուլին։
Յայտնի է, որ որպէս գաղափարական-քաղաքական ուղղութիւններ, այսօր աշխարհի մէջ գերակշռող կարգավիճակ ունին ազատականներն ու պահպանողականները։ Այսօր, սակայն, այդ մէկը ստացած է նոր բնոյթ եւ դրսեւորումներ։
Որոշ երկիրներու մէջ, այս կամ այն առանձնայատկութեամբ, անոնք մնացած են նոյնը եւ կը կազմեն տուեալ պետութեան ու հասարակութեան հիմնական գաղափարախօսական առանցքը։ Թէ՛ Մեծն Բրիտանիոյ, թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ՛ զարգացած ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, պահպանողականները կողմ են ուժեղ պետութեան եւ հասարակական կարգի պահպանութեան, ինչպէս նաեւ կոշտ հարկային վարչարարութեան միջոցով կը փորձեն ապահովել պետութեան զարգացումը եւ տնտեսական կայունութիւնը։ Միւս կողմէ, որպէս հարկադիր բեւեռ, ազատականները կողմ են պետութեան ազատականութեան, բաց հասարակութիւն ունենալուն, մարդու, անհատի ազատութիւններուն, իրաւունքներուն եւ բարեկեցութեան։
Ազատականութիւնը առանձին քաղաքական շարժումի վերածուեցաւ լուսաւորութեան դարաշրջանին, երբ անիկա սկսաւ ժողովրդականութիւն վայելել արեւմուտքի փիլիսոփաներու եւ տնտեսագէտներու շրջանակներուն մէջ։ Ազատականութիւնը կը մերժէր ժառանգութեան իրաւունքի, պետական կրօնի, բացարձակ միապետութեան եւ թագաւորներու աստուածային իրաւունքի, ժամանակին տարածուած հասկացողութիւնները։
Ազատականութիւնը, իբրեւ փիլիսոփայական առանձին աւանդոյթ, կը վերագրուի 17-րդ դարու փիլիսոփայ՝ Ճոն Լոքին։ Լոքը կը հաւատար, որ ամէն մարդ ունի կեանքի, ազատութեան եւ սեփականութեան բնական իրաւունք, եւ յատկապէս կը նշէր որ կառավարութիւնները պէտք չէ ոտնահարեն այդ իրաւունքները, հասարակական պայմանագիրի հիման վրայ։ Ազատականները դէմ էին աւանդական պահպանողականութեան եւ կը ջանային կառավարութեան բացարձակ իշխանութիւնը փոխարինել ներկայացուցչական ժողովրդավարութեամբ ու օրէնքի գերակայութեամբ։ Ազատականութեան եւ պահպանողականութեան մշտական պայքարը հասարակութեան եւ անհատի տրամաբանական հակադրումն էր, որովհետեւ, ըստ ազատականներու, եթէ անհատը չըլլայ ուժեղ, ազատ, պաշտպանուած եւ պետութեան կողմէ պատշաճ ուշադրութեան ներքոյ, պետութիւնը չի կրնար ըլլալ ինքնաբաւ, կայացած եւ հզօր. իսկ պահպանողականները՝ վստահ էին, որ պետութիւնը կրնայ ըլլալ կայուն եւ զարգացող, եթէ անխափան գործեն պետական կառոյցները, պետութեան ուժային մեքենան, կայունանայ հասարակական եւ սահմանադրական կարգը, պահպանուին ազգային եւ աւանդական արժէքները, եւ այլն։
Պահպանողականութիւնը քաղաքական-գաղափարախօսական հոսանք է, զոր առաջին անգամ օգտագործած է ֆրանսացի գրող Շաթոպրիանը, որ 1818 թուականին հրատարակեց «Conservateur» հանդէսը։ Դասական պահպանողականութեան հայրը կը համարուի անգլիացի փիլիսոփայ, հրապարակախօս, քաղաքական գործիչ՝ Էտմոնտ Պյորք։ 1790-ին ան հրատարակեց պահպանողական հիմնադրոյթներ պարունակող «Մտորումներ ֆրանսական յեղափոխութեան շուրջ» աշխատութիւնը։ Պահպանողական գաղափարախօսութեան եւ քաղաքականութեան շնորհիւ Մեծ Բրիտանիան այսօր աշխարհի առաջատարներէն է։ Զարգացման այդ ուղին որդեգրած են ամբողջ Եւրոպան ու ԱՄՆ-ը, այդ ճանապարհը բռնած է նաեւ Ռուսաստանը։
Գալով ազատական պահպանողականութեան, պէտք է նշել, որ անիկա ըստ էութեան չունի մաքուր ձեւ։ Ազատական պահպանողականութիւնը որպէս ընդունուած առանձին գաղափարախօսութիւն, իր տեղը տակաւին չէ գտած ակադեմական քաղաքագիտութեան մէջ, սակայն միւս կողմէ այս ուղղութեան պատմութիւնը առաւել հետաքրքրական է, հաշուի առնելով, որ անոր ծագման ծիլերը կ՚երթան դէպի Անգլիա, Պուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութիւն, Երրորդ Ռեյխ եւ 1874-1931 թուականներու Սպանիա։ Ազատական պահպանողականութիւնը, ըստ էութեան, կը գտնուի ընկերա-հայրենասիրութեան եւ քրիստոնեայ-ազատականութեան մէջտեղը։ Ան կը մօտեցնէ պահպանողական եւ ազատական գաղափարներու հիմնական դրոյթները, հաստատելով, որ դրամատիրական (capitalism) եւ ազատ շուկայական տնտեսական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն ընդունելի է ազատականութիւնը, իսկ ազգային ինքնութեան արդիականացման, հանրային եւ ընկերային տեսանկիւնէն կ՚ որդեգրէ պահպանողականութիւնը, որ չի հետեւիր արդէն ժամանակավրէպ ձախ-աջ հակասութիւններուն եւ բաժանումներուն, արդիւնաւէտօրէն զբաղեցնելով աւանդապաշտական քաղաքական կեդրոնի դիրքը։
Ինչո՞վ հետաքրքիր է ազատական պահպանողականութիւնը մեզի նման աւանդապաշտ եւ անցումային հասարակութիւններուն համար։ Հայ ժողովուրդը իր ծագումնաբանութեան, ընկերա-մշակութային եւ մշակութա-քաղաքակրթական իմաստով իր հաւաքական պատմական յիշողութեան մէջ ունի թէ՛ ԱԶԱՏԱԿԱՆ եւ թէ՛ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ մտածողութեան եւ համակեցութեան տարրեր։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան երկարատեւ շրջանը փաստած է, որ պահպանողականութիւնը որպէս հայու ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ զարգացման ու անվտանգութեան նախապայման, այլընտրանք չունի։ Այսօր, հետեւելով յարափոփոխ աշխարհի ընթացքին, հայ հասարակութեան կառուցուածքային ընկերային եւ քաղաքական վարքաբանութեան՝ պարզ կը դառնայ, որ մեզի անհրաժեշտ է նաեւ ԱԶԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։ Պետութեան տնտեսութեան զարգացման, երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջպետական յարաբերութիւնները, առեւտրա-տնտեսական աշխարհի զարգացման եւ ձեւափոխման միտումները, տարածքաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումները կը ստիպեն մեզ արագ շարժելու։ Մենք կրնանք իբրեւ ազգ եւ պետութիւն մեր ինքնութեան պահպանման եւ արդիականացման համար ամուր կառչած մնալ պահպանողականութեան, որովհետեւ այդ է մեր ազգային ու աւանդական կառուցուածքի հիմնական առանցքը, բայց միւս կողմէ չենք կրնար առանց ազատականութեան, նաեւ առանց չափաւոր ազատականութեան զարգանալ եւ բարգաւաճիլ։
Քաղաքագիտական գրականութեան մէջ կան նաեւ հրապարակումներ, որ ազատականութիւնը եւ պահպանողականութիւնը իրականութեան մէջ հակադրուած չեն, աւելին՝ համադրելի են։ Պետական կառոյցներու կարեւորութեան, ազգային եւ հասարակական անվտանգութեան համաշխարհային եւ տեղական խնդիրները մենք կրնանք լուծել միայն պահպանողականութեան ուժեղ դիրքերու վրայ մնալով, բայց մենք չենք կրնար տնտեսութիւն զարգացնել կատարելապաշտական ազգային ներուժի վրայ հիմնուած, որովհետեւ Հայաստանը, փոքր պետութիւն ըլլալով, իրականութեան մէջ չունի մեծ հնարաւորութիւններ զարգանալու, անոր համար պէտք է ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, բայց պետութեան կառավարման ներքոյ թողնել ռազմավարական կարեւոր ենթակառուցուածքները։ Անոնք մեր հասկցողութեամբ պէտք է ըլլան ազգային, եւ հոս է որ կու գայ ՉԱՓԱՒՈՐ ազատականութիւն հասկացողութիւնը։ Ազատական պահպանողական հոսանքը կրնայ իր մէջ ընդգրկել ձախակողմեան ընկերվարական եւ աջակողմեան սոցիալ-ազատական պահպանողական անհատներ եւ խմբաւորումներ։
Գէորգ Հալէպլեան
Միացեալ Նահանգներ