ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Լեւոն Բաշալեան
Լեւոն Բաշալեան
(1868՝ Պոլիս – 1943՝ Փարիզ)
Երախտաւոր Բաշալեան ծնած է Պոլսոյ Սկիւտարի շրջանը, խարբերդցի ծնողաց յարկին տակ: Հայրը, որ ծանօթ ճարտարապետ մըն էր Պոլսոյ մէջ, ծրագրած ու կառուցած էր ատենոյ Օսմանեան պետական անձնաւորութեանց նստատեղիները: Լեւոն, որպէս պատանի, յաճախած է իր շրջանի յայտնի Պէրպէրեան միջնակարգ վարժարանը, աշակերտելով վարժարանի հիմնադիր ու տնօրէն, ծանօթ դաստիարակ ու մանկավարժ Ռէթէոս Պէրպէրեանին: Միջնակարգ ուսումը ստացած է 1883-ին, հմտանալով հայերէն ու մանաւանդ ֆրանսերէն լեզուներու մէջ: Առանց բարձրագոյն ուսման դիմելու, Լեւոն կը նախընտրէ պատանի տարիքէն լրագրական աշխատանք որոնել Պոլսոյ մէջ ու իրեն կը թելադրուի դիմել «Մասիս» օրաթերթի խմբագրութեան, որուն համար կատարած ֆրանսերէն կարճ լուրերու թարգմանութեան համար, ան կը դառնայ թերթի մնայուն պաշտօնեայ՝ 16 տարեկանին: Այս շրջանին Բաշալեան արդէն տիրապետած էր անգլերէն լեզուին եւս, ու «Մասիս»ի համար թարգմանութիւն կ'ընէ անգլեալեզու «Թայմզ»էն:
Իրեն հասակակից Գրիգոր Զոհրապի եւ Արփիար Արփիարեանի հետ արդէն մնայուն հաղորդակցութեան մէջ էր Բաշալեան, երբ 1885-ին կը գրախօսէ Զոհրապի «Անհետացած Սերունդ մը» վէպը, «Արեւելք»ի մէջ:
Որպէս գրական գործ, «Մասիս»ի մէջ լոյս կը տեսնէ իր «Հմայաթափ» խորագրով նորավէպը, 1888-ին, որ ժողովրդականութիւն կը բերէ 20-ամեայ Բաշալեանին, Պոսլոյ հայ համայնքին մօտ:
Բաշալեանի իրապաշտ գրական վաստակին սկիզբը կը դառնայ այս նորավէպը, ու իր լրագրական ասպարէզին շնորհիւ, ան մօտէն ծանօթ դառնալով հայ ժողովուրդի ամենօրեայ կենցաղին, հոնկէ ալ կը քաղէ իր հետագայ նորավէպերուն նիւթը եւ ոգին, որ իր գրիչին կը հաղորդէ իւրայատուկ ոճ մը:
Գաղափարական իր հակումը կ'երթայ Հնչակեան կուսակցութեան, ու Արփիարեանի հետ մաս կը կազմէ կուսակցութեան, Պոլսոյ մէջ:
1890-ի Օգոստոսին, Պատրիարքարանի ցոյցերը հետապնդումի ու բանտարկութեան ալիք մը ստեղծած էին Պոլսոյ մտաւորականութեան համար: Օսմանեան կայսրութեան հետապնդումներէն հեռու մնալու համար, Բաշալեան կ'ապաստանի Փարիզ, ուր կը շարունակէ իր լրագրողական աշխատանքը, այս անգամ Յովհաննէս Շահնազարի ու Արփիարեանի հրատարակած «Հայրենիք» թերթին համար:
1892-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ու կը ստանձնէ խմբագրութիւնը «Հայրենիք»ի, օգնական ունենալով Սուրէն Պարթեւեանը: «Հայրենիք»ը դարձած էր Պոլսոյ մէջ Հնչակեան կուսակցութեան խօսափողը:
Երախտաւորին եռանդուն աշխատանքին շնորհիւ որոշ բարձրունք մը ապահոված էր «Հայրենիք»ը, դառնալով կարեւոր հարթակ մը, ուրկէ արթնութեան կոչեր կ'ուղղուէին յատկապէս գաւառահայութեան, եւ խամբագրական այս արդիւնաւէտ աշխատանքին համար ալ յաճախ թրքական գրաքննութեան կ'ենթարկուէր թերթը:
1896-ի Համիտեան ջարդերը մահաբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծեն Պոլսահայ մտաւորականութեան մօտ, ու Բաշալեան տարեվերջէն առաջ կու գայ այս անգամ հաստատուելու Լոնտոն, ուր արդէն կը գտնուէր Արփիարեան, ու միասին, 1897-ին, կը հիմնեն «Մարտ» ամսագիրը, որ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին ժողովրդականութիւն կը վայելէ:
1896-ին, Հնչակեան կուսակցութեան պառակտումէն ետք, Լոնտոնի մէջ 1898-ին կը կազմուէր Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը՝ Տամատեանի, Արփիարեանի, Միհրան Սվազլեանի եւ Վահան Թէքէեանի ջանքերով, որոնց կը միանար Բաշալեան: Նոյն տարին Արփիարեանի հետ կը ձեռնարկեն ու կը հրատարակեն «Նոր Կեանք» երկշաբաթաթերթը, որ կը դառնայ պաշտօնաթերթը Վերակազմեալներուն, Լոնտոնի մէջ: Պէտք է ըսել, որ Վերակազմեալները Ալեքսանդրիոյ մէջ եւս ձեռնարկած էին հրատարակել «Մարտ»ը, որպէս պաշտօնաթերթ՝ Կարապետ Փափազեանի ջանքերով:
Լոնտոն գտնուած շրջանին երախտաւորը յաճախակի իր յօդուածներով կ'աշխատակցէր Չօպանեանի Փարիզ հրատարակուող «Անահիտ» գրական ամսագրին: Բաշալեանի յայտնի պատմուածքն ալ՝ «Ցեղին Ձայնը» խորագրով, հոն լոյս կը տեսնէ, այլ գրական աշխատութեանց կողքին: Լոնտոնի մէջ շուրջ երեք տարի խմբագրական աշխատանքի նուիրուելէ ետք, հրաւէր կը ստանայ եւրոպական ընկերութեան մը կողմէ, մեկնելու Պաքու: Դարասկիզբին (20-րդ դար) Կասպից ծովու նաւահանգիստը դարձած էր քարիւղի խառնարան մը, ու Բաշալեան 1901-ին գրասենեակային պաշտօն կը ստանձնէ, որպէս թարգմանիչ քարիւղի ընկերութեան համար: Իր հրապարակագրական աշխատանքն ալ առանց դադրեցնելու, կ'աշխատակցի Թիֆլիս հրատարակուող «Մուրճ» ամսագրին:
1903-ին, որպէս պաշտօնեայ, դարձեալ Պաքուի մէջ աշխատելու հրաւէր կը ստանայ Մանթաշեաններու քարիւղի ընկերութեան կողմէ: Այս շրջանին առաւելաբար շարունակելով իր գրական գործը, «Մուրճ»ի մէջ լոյս կը տեսնեն անոր գրական վաստակը հարստացնող գործերը, զինք մօտ պահելով կովկասահայ ու պոլսահայ գրական համախմբումներուն: Բաշալեան յաճախ կապ կը հաստատէ Պոլիս եւ Եգիպտոս, ինչպէս նաեւ Լոնտոն գտնուող իր գաղափարի ընկերներուն հետ, թղթակցելով այս շրջանակներու կուսակցական մամուլին:
Երախտաւորը Պաքուէն խանդավառութեամբ դիմաւորեց Աղեքսանդրիոյ մէջ 1908-ին՝ կազմութիւնը Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան, որուն մաս կազմեցին անցեալին իր հետ գործող գաղափարի ընկերները:
1909-ին Բաշալեան կու գայ Պոլիս, մասնակցելու Ռամկավար կուսակցութեան Ա. Պատգամաւորական ժողովին, ուր կը հանդիպի տարբեր գաղթօճախներէ ժամանած կուսակցական գործիչներու, որոնց հետ հետագային մնայուն կապ կը հաստատէ, նոյնիսկ հեռուէն սատարելով եւ աշխատանքի իր բաժինը բերելով կուսակցական շրջանակներու մամուլին:
Որոշ ժամանակ մը, պաշտօնի բերումով, կ'ուղարկուի Թիֆլիս ու ապա կը հրաւիրուի Լոնտոն, համաշխարհային Ա. պատերազմի շրջանին: Տարի մը ամբողջ բոլորելէ ետք, 1915-ի աւարտէն առաջ, կը վերադառնայ Սէնթ Փեթերզպուրկ, ուր կարճ ժամանակով կ'արգելափակուի՝ թրքահպատակ ըլլալուն համար: Բախտորոշ կ'ըլլայ Բաշալեանի համար Պոլիսէն հեռու գտնուիլը՝ 1915 Ապրիլ 24-ին, երբ պոլսահայ այլ մտաւորականներ ու գրչեղբայրներ զոհը կը դառնան մեծ եղեռնի արհաւիրքին:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի զինադադարէն ետք, Բաշալեան վերջին անգամ ըլլալով կու գայ Պոլիս, կարճ ժամանակի մը համար, դարձեալ զբաղելով հրապարակագրութեամբ:
1920-ի աւարտէն առաջ, Բաշալեան վերջնականապէս կը հաստատուի Փարիզ, ուր պիտի բոլորէր ամբողջ քառորդ դար մը, նուիրուելով ազգային ու հասարակական գործունէութեան:
Փարիզի մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, ան մասնակից կը դառնայ Ռամկավար եւ Ազատական հոսանքներու հանդիպումներուն, որոնց կը մասնակցէին՝ Արշակ Չօպանեանը, Աւետիս Թէրզիպաշեանը, դոկտ. Արշակ Սաֆրաստեանը եւ ուրիշ յայտնի մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ:
1922-ին հրաւէր կը ստանայ Պօղոս Նուպար Փաշայէն, մաս կազմելու Ազգային պատուիրակութեան խորհրդականներու ժողովին ու կը մասնակցի Լոզանի մէջ խաղաղութեան ժողովին՝ Յուլիս 24, 1923-ին: Իր պատրաստութեամբ կը խմբագրուի Լոզանի ժողովին արխիւները, ազգային պատուիրակութեան համար, որոնք պահ դրուած են Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ:
Պօղոս Նուպարի կողմէ Բաշալեանին կը վստահուի նաեւ ընդհանուր քարտուղարութիւնը՝ Հայ գաղթականներու կեդրոնական յանձնաժողովին, ու այդ հանգամանքը ան ձեռնհասութեամբ կը վարէ երկար տարիներ, դառնալով Փարիզ հաստատուած Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովի խորհրդական: Որոշ շրջան մըն ալ ան կը վարէ Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովի տնօրէնի պաշտօնը, առաւելաբար Նուպարեան գրադարանի արխիւային բաժինը կարգաւերելով:
Գաղթականներու յանձնաժողովի որոշումով ծրագիր մշակուեցաւ՝ Բաշալեանի կողմէ, յատկապէս, արձագանգելու Միջին Արեւելեան գաղթօճախներուն, ձեռնարկելու որբախնամ նպաստընկեալ ծրագիրներ, իսկ Բարեգործականի կտակներու հասոյթը ուղարկուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ծնունդ տալով Կեդրոնական յանձնաժողովի մը, որ գլխաւորեց ծանօթ բարերար՝ Միհրան Գարակէօզեանը: Պէտք է ըսել, որ այս յանձնաժողովը մօտէն գործեց Ամերիկեան բարեսիրական կազմակերպութեանց հետ, օժանդակելու կարօտեալ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ որբահաւաքի աշխատանքներուն:
1924-ին, Պօղոս Նուպար Բարեգործականի կարեւոր շարք մը կտակներու յանձնաժողովի յանձնառութեամբ, Բաշալեանը կ'ուղարկէ Երեւան, Հայաստանի օրուայ իշխանութեան Շինարարական նախարարութեան հետ հանդիպելու, ինչպէս նաեւ մշակելու հրատարակչական աշխատանք, որ պիտի իրականցուէր յատկապէս Կիւլպէնկեան եւ Մարկոսեան կտակներու նպաստով: Շինարարական այս ծրագիրը նպաստեց յատկապէս Լենինական (Այժմ՝ Գիւմրի) գտնուող որբերու տեղաւորման, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եւրոպա գտնուող հայ գաղթականներու հայրենիք տեղափոխման աշխատանքին:
Այս բոլորը իրագործուեցան Բաշալեանի ջանքերով, ու պաշտօնական համաձայնագրով մը՝ Խորհրդային Հայաստանի օրուայ իշխանութեան կողմէ:
Նպաստընկեալ այս ծրագիրներուն ան, որպէս գործակից, ունեցաւ գաղափարի իր ընկերները՝ Միքայէլ Պապաճանն ու Վահան Մուշէղեանը, որոնք Փարիզի մէջ անդամ էին Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովին:
1927-ին, Բաշալեան կը դիմէ որբախնամ ծրագրեր մշակող բարեսիրական կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Նիր իսթ Ռիլիֆին (Near East Relief), հասնելու համար Սուրիոյ որբանոցներուն մէջ գտնուող հայ որբերուն կարիքներուն, որոնցմէ շատեր ֆրանսական իշխանութեան կողմէ տեղափոխուեցան Լիբանան:
Բաշալեան, անշուշտ, իր պաշտօնին կողքին, շարունակեց նաեւ հրապարակագրական աշխատանքը: 1928-ին իրեն վստահուեցաւ խմբագրութիւնը «Լա Ֆուայէ» ամսագրին, ֆրանսերէն եւ հայերէն անջատ բաժիններով:
1934-ին, Փարիզի մէջ հանգամանօրէն նշուեցաւ երախտաւորին գրական գործունէութեան յիսնամեակը, որ կազմակերպած էր Փարիզի Հայ գրողներու ընկերակցութիւնը (Բաշալեանի այս առիթով պատրաստած ճառին բնագիրը կը պահուի այս տողերու հեղինակին մօտ):
Բաշալեան այս շրջանին շարունակեց աշխատակցիլ Թէոդիկի «Ամենուն Տարեցոյցը» տարեգիրքին: Իսկ 1939-ը յատկանշական եղաւ անոր ինքնակենսագրական գործով՝ «Թրքահպատակի մը արկածները մեծ պատերազմի ատեն» խորագրով:
Նուիրեալ այս երախտաւորը, իր հասարակական ու գրական հարուստ վաստակով, 1943-ին յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ՝ 75 տարեկան հասակին:
Անոր մահէն ետք, Արշակ Չօպանեանի ներածականով, լոյս տեսաւ Բաշալեանի լաւագոյն աշխատասիրութիւնները՝ «Նորավէպեր եւ Պատմուածքներ» հատորով, Բարեգործականի Մելգոնեան մատենաշարի հրատարակութեամբ:
Արա Ահարոնեան