ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Շաւարշ Հովիւեան
Շաւարշ Հովիւեան
(1862՝ Ակն – 1937՝ Վիրճինիա)
Երախտաւոր Հովիւեան ծնած է Ակնայ շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ, Չօպանեան գերդաստանի համեստ յարկին տակ, որոնք հեռաւոր հարազատներ էին հայ մշակոյթի դեսպան ու ՌԱԿ-ի երախտաւոր Արշակ Չօպանեանի ծնողաց:
Ակնոյ մէջ իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, կը տեղափոխուի Պոլիս՝ Ակնցի իր ազգականներուն մօտ մնալու: Կանուխ տարիքէն Շաւարշ կ'որոշէ իր ազգանունը հայացնել, դարձնելով զայն՝ Հովիւեան:
Պոլսոյ մէջ ան կը հետեւի լուսանկարչական արհեստին ու կեանքի ասպարէզը կ'որոնէ, դառնալով յայտնի լուսանկարիչ Պոլսոյ մէջ:
Ազգային հասարակական կեանքի իր առաջին մասնակցութիւնը կ'ըլլայ՝ միանալ «Արարատ» ընկերութեան՝ 1887-ին, իսկ իր անմիջական գործակցիները կը դառնան Միհրան Տամատեանն ու Արփիար Արփիարեանը, ինչպէս նաեւ պատանի Արշակը (Չօպանեան):
«Արարատ» ընկերութեան հիմնական նպատակն էր դպրոց բանալ Արեւմտահայաստանի նահանգներէն ներս, ու, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, դէպի յառաջդիմութիւն, զարգացում ու յեղափոխութիւն առաջնորդել:
1889-ին, Պոլսոյ մէջ կազմաւորուած «Գործողներու» միութիւնը, որպէս հայրենասիրական կազմակերպութիւն, խանդավառութիւն պիտի յառաջացնէր Հովիւեանի մօտ, ու միութեան անդամակցելով, կարճ ժամանակի մէջ ան պիտի դառնայ եռանդուն անդամը միութեան, ու իր շուրջ հաւաքելով Ակնցի իր հայրենակիցները, որոնք Պոլիս հաստատուած էին, ազգային ինքնապաշտպանութեան պիտի պատրաստէր գաւառահայութիւնը:
Պոլիսը, որպէս մայրաքաղաք՝ Օսմանեան կայսրութեան, կարեւոր կը նկատուէր 1887-ին Ժընեւի մէջ կազմուած Հնչակեան Կուսակցութեան, ու, կեդրոնի որոշումով, գործիչներ կ'ուղարկուին Պոլսի: Ծրագրուած աշխատանք կը թափուի «Գործողներու» միութեան անդամներուն մօտենալու, որոնց մէջ էր՝ Շաւարշ Հովիւեան:
1890-ի Յունիսին, Կարնոյ մէջ կը գնդակահարուին 140 անզէն հայորդիներ, որոնք կը հետապնդուէին տարիներ շարունակ, որպէս յեղափոխական տարրեր, մանաւանդ 1882-ին ծայր առած խմորումներէն, որ մեզի ծանօթ է «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն» ազգային յեղափոխական երգով: Ահազանգային լուրը Պոլսոյ ազգային կեանքին համար պայքարի կը վերածուի, ու, որպէս ազգային բողոք, կ'որոշուի դիմել Բարձր դրան, ու կ'առաջարկուի այդ գործը յանձնել Պոլսոյ ատենոյ Պատրիարք՝ Խորէն Աշըգեանին, որ բողոքագիրը յանձնեց Բարձրագոյն դրան ազգային, միեւնոյն ատեն ներկայացնելով հրաժարականը, որովհետեւ Պատրիարքը մերժած էր միայն խաղաղ ցոյցով մը արտայայտելու ազգային բողոքը: Պոլսոյ Հնչակեան գործօն մարմինը ապարդիւն նկատելով եղած ազգային բողոքը, կ'որոշէ հրապարակ գալ եւ ժողովուրդին զայրոյթը արտայայտել Գում Գաբուի ծանօթ ցոյցով, 1890 Յուլիս 15-ին:
Հայ ժողովուրդի յեղափոխական պատմութեան էջերէն ծանօթ է անշուշտ, որ այս ցոյցին պատճառով եղան բազմաթիւ անմեղ զոհեր ու հետագայ սպաննութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ձերբակալութիւններ:
Այս դէպքէն ետք, Օսմանեան կառավարութիւնը յատուկ հետապնդումներ փորձեց կատարել, մանաւանդ Պոլսոյ շրջանին մէջ, որուն թիրախ դարձաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը:
Այդ օրերուն, Հովիւեանի մտերիմը՝ Միհրան Տամատեան, մատնուած ըլլալով, կ'ապաստանի Աթէնք, իսկ Շաւարշ, որ ապահով պաշտօն ունէր Բերայի անգլիական հաստատութեան մէջ, կասկածէ հեռու կը մնայ: Իր այդ պաշտօնով ան կապ կը հանդիսանայ արտասահմանէն դէպի Պոլիս թղթածրարներով եկող թերթերուն ու նամակներուն, որոնք հասցէագրուած էին «Մատամ Վել» կեղծ անունով, եւ որոնք կը ցրուէր կուսակցական մասնաճիւղի կարեւոր անդամներուն, ամէն կասկածէ եւ հետապնդումէ զերծ մնալով:
Գում Գաբուի ցոյցէն ետք, Համիտեան իշխանութիւնը Պոլսոյ մէջ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր գոյութիւն ունեցող յեղափոխական կազմակերպութիւններուն ոչնչացման վրայ:
1895-96 Համիտեան ջարդերէն ետք, նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ շատ դժուար պիտի ըլլար ազգային գործունէութեան ծաւալումը, ու մանաւանդ յեղափոխական կասկածեալներու համար, որոնց շարքին էր Շաւարշ Հովիւեանը, որ ստիպուած կ'ըլլայ լքել Պոլիսը ու կարճ ժամանակի համար Յունաստան մնալէ ետք, իր աշխատած հաստատութեան դիմումով կը հասնի Լոնտոն, ուր եկած էին իր գաղափարի ընկերները, Հնչակեան Կուսակցութեան պատգամաւորական ժողովին: Զինք ճանչցող իր պոլսահայ ընկերները գիտէին, որ ան գործած էր Պոլսոյ մէջ, ծայրագոյն գաղտնապահութեամբ:
1896-ին, Հնչակեան Կուսակցութեան պատգամաւորական ժողովի անցուդարձերը կը միտին կուսակցութեան ազատական ու ժողովրդավար ուժերու անջատումին, որոնք Միհրան Սվազլեանի եւ Միհրան Տամատեանի գլխաւորութեամբ հիմը կը դնեն Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան, Լոնտոնի մէջ: Հիմնադիր կազմին նաեւ կը միանան՝ Սուրէն Պարթեւեան, Արփիար Արփիարեան, Սուրէն Աուրէնեան, Վահան Թէքէեան եւ անշուշտ՝ Շաւարշ Հովիւեան:
Լոնտոնի մէջ ան կը շարունակէ իր արհեստը անգլիական հաստատութեան մէջ, որուն Պոլսոյ մասնաճիւղին մէջ պաշտօնավարած էր շրջան մը:
Վերակազմեալներու հիմնադիր կազմին հետ ան մօտէն պիտի գործակցէր Լոնտոնի մէջ, ուր 1898-ին պիտի իրականանար Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան հռչակումը, ու անմիջապէս Գահիրէի մէջ Վերակազմեալները կը ձեռնարկեն կազմակերպչական աշխատանք: Այս շրջանին Լոնտոն գտնուող Վերակազմեալ կեդրոնը սերտ յարաբերութեան մէջ էր Մարսէյլ գտնուող Մկրտիչ Փորթուկալեանի հետ, որուն «Արմենիա» թերթին միջոցաւ կարելի դարձաւ նորակազմ կուսակցութեան յայտարարութեանց տարածումը: Հովիւեան կ'անցնի Փարիզ ու անկէ ալ Գահիրէ, ուր արդէն ապաստանած էին Պոլսէն ժամանած գաղափարի իր ընկերները: Հովիւեան դարձեալ կը պաշտօնավարէ անգլիական հաստատութեան «Starless and Soldiers Institute» մէջ:
Գահիրէի ատենոյ հայկական գաղութէն ներս Հովիւեան կը վայելէր համայնքի յարգանքը, մանաւանդ իր գաղափարի ընկերներուն կողմէ, իր իրատես ու շրջահայեաց քաղաքականութեան համար, որուն շատեր ծանօթ էին իր Պոլիս գտնուած շրջանէն:
1908-ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ կեանքի կը կոչուէր Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը, Հոկտեմբեր 31-ին: Արմենական Կուսակցութեան հիմնադիր կազմի անդամ Գրիգոր Պէյօզիկեան (Շիկահեր), որպէս ներկայացուցիչ գալով Վանէն, կը հանդիպի Միհրան Տամատեանի, Տոքթ. Տիգրան Էնֆիաճեանի, Շաւարշ Հովիւեանի եւ Յակոբ Փափազեանի հետ ու կը յայտարարուի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը:
Ժողովրդական հոսանքներու միաձուլումով նոր կուսակցութիւնը կը գլխաւորէ Միհրան Տամատեանը: Ռամկավար Կուսակցութեան շուրջ կարճ ժամանակի մէջ կը բոլորուին Եգիպտահայ յայտնի դէմքեր՝ Վահան Մալէզեան, Տոքթ. Տաղաւարեան, Վահան Թէքէեան, Պետրոս Քըմքըմեան եւ Էօժէն Բաբազեան:
1908-ի աւարտէն առաջ, 12 տարուան բացակայութենէ ետք, Հովիւեան կը վերադառնայ Պոլիս, լուսանկարչական իր արհեստը շարունակելու՝ Իթթիհատական դարձած Պոլսոյ մէջ:
Արդէն Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Պոլսոյ մէջ կազմուած էր Ռամկավար կառոյցի շրջանակը, ու Հովիւեան իր խանդավառ մասնակցութեամբ կը լծուի կազմակերպչական աշխատանքի:
Այդ խանդավառութիւնը Հովիւեանի ու Պոլսահայ ազգայիններու մօտ շատ երկար պիտի չտեւէ, որովհետեւ 1909 Ապրիլին, Ատանայի ծրագրուած ջարդին լուրը շփոթութեան մատնեց ազգային կեանքը Պոլսոյ մէջ: Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ Ատանա կ'ուղարկուին Հովիւեանի մօտիկ բարեկամները (Պապիկեան եւ Մկրտիչեան), քննութեան համար տեղեկագրելու ջարդին մանրամասնութիւնները:
Պապիկեանի պատրաստած տեղեկագիրը կը թուէր կորսուած ըլլալ, որովհետեւ վերադառնալէն ետք, եղեռական մահով կը մահանայ Պապիկեան:
Գաղտնաբար, կարելի կը դառնայ այդ տեղեկագիրը եւ Պոլսէն ուղարկուած հեռագիրները՝ Ատանայի ծրագրուած կոտորածին հետ կապուած, Հովիւեանի միջոցաւ լուսանկարել եւ Պոլիս գտնուող Միհրան Տամատեանի եւ Համբարձում Պոյաճեանի միջոցաւ յանձնել Պատրիարք Եղիշէ Արք. Դուրեանին:
Տեղեկագրի մանրամասնութիւնները կը մտահոգեն Հովիւեանը, որ սկսած էր, մանաւանդ Ռամկավար շրջանակի ղեկավարութեան մօտ, արթնցնել իր վաղեմի ծրագիրը՝ գաւառահայութեան գաղտնաբար պատրաստել ինքնապաշտպանութեան:
1911-ին, Պոլսոյ մէջ կը կազմակերպուի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Ա. Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, ուր Հովիւեան կը տեղեկացնէ ժողովականներուն, Իթթիհատական իշխանութեան ծրագրած Ատանայի կոտորածի ծալքերը:
Պատգամաւորական ժողովէն ետք, երբ, որպէս հակազդեցութիւն Իթթիհատականներու ծրագրին, գաղտնաբար ծրագիր կը մշակուի Ռամկավար Կուսակցութեան Պոլսոյ շրջանակին կողմէ՝ արեւմտահայ գաւառները ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու, Վասպուրականի շրջանակին կողմէ հրաւէր կու գայ Հովիւեանին, որ մեկնի Վան:
Պոլսոյ շրջանակի ատենապետ, ծանօթ հրապարակագիր՝ Տիրան Քէլէկեան, որ մօտէն կը հետեւէր Իթթիհատականներու որդեգրած ձուլումի ու բնաչնչումի քաղաքականութեան, ցուցմունքը կու տայ Հովիւեանին, Վան մեկնելէ առաջ: Հովիւեանի պէս ամուրի թափարականին կը վիճակուի հասնիլ Վասպուրականի նահանգի սիրտը գտնուող հայատրոփ քաղաքը՝ 1912 Մարտին:
Վանի մէջ ան կը դառնայ գործիչ՝ Վասպուրականի Ռամկավար շրջանակին համար, ու անհրաժեշտ կը նկատէ Վանի մէջ հրատարակութիւնը «Վան Տոսպ» թերթին, օժտելով զայն կարող խմբագրական կազմով:
Ռամկավար շրջանակի աշխոյժութիւնը կ'անհանգստացնէ Վանի դաշնակցական կառոյցը, որոնք տեղեակ չէին Պոլսոյ մէջ խմորուող Իթթիհատական ծրագրէն, որուն հետագային զոհ պիտի երթային իրենց երեսփոխաններն ու յայտնի Պոլսահայ գործիչները:
Կարճ ժամանակ անց, դաշնակցական կառոյցի ղեկավարութիւնն ալ տեղեակ կը դառնար ինքնապաշտպանութեան ծրագրին, ու Հովիւեանի ջանքերով կը կազմուի Վասպուրականի զինուորական խառն ժողովը, որուն առաջնահերթ գործը կը դառնայ զէնքի հայթայթման ծրագիրը: Միացեալ ժողովը այդ պարտականութիւնը կը վստահի Հովիւեանին, որ տարեվերջէն առաջ ճամբայ կ'ելլէ դէպի Թիֆլիս, իրեն հետ տանելով ծանօթ ռուսախօս Մարգար Տէր Փափազեանը: Թիֆլիսի մէջ որոշ ծանօթութիւններ մշակելով, հանդիպում կ'ունենայ Ա. Քալանթարի ու ապա Համբարձում Առաքելեանի հետ, որուն ծանօթացած էր Պոլսոյ մէջ: «Մշակ»ի զոյգ խմբագիրներուն իր առաքելութեան մասին արտայայտուելէ ետք ու ապա Ամերիկայի Ռամկավար շրջանային վարչութեան հեռագրով խնդրագիր ներկայացնելէ ետք, հարկ եղած գումարը կ'ապահովէ, ու կարճ ժամանակի մէջ, Թիֆլիսի հայկական գաղութի օժանդակութեամբ, զէնք ու զինամթերք, գաղտնաբար, կը տարուին Վան ու կը յանձնուին զինուորական խառն ժողովին:
Յաջորդ երկու տարիներուն, մինչեւ 1915-ի սկիզբը, Հովիւեան զանազան առիթներով կը մեկնի Տրապիզոն, Թիֆլիս եւ Էրզրում:
1915-ին Արմենակ Եկարեանի գլխաւորութեամբ կերտուած Վանի հերոսամարտը կրցաւ կասեցնել թուրքին եաթաղանը ու փրկել Վասպուրականի հայութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ, ան եղաւ մղիչ ուժը եւ կարգապահական ծրագրողը՝ ինքնապաշտպանութեան դիրքերուն վրայ:
Վասպուրականի հայութեան հետ ինք ալ լքեց Վանը, գալով Թիֆլիս, ուր Ռամկավար շրջանակ մըն ալ կազմաւորուեցաւ եւ «Վան Տոսպ»ն ալ շարունակուեցաւ վերահրատարակուիլ:
Բայց 1917-ին Հովիւեան յուսախափ եղաւ մեծ պետութիւններէն, երբ ռուսական բանակը քաշուեցաւ Էրզրումէն, անպաշտպան լքելով Արեւմտահայ զանգուածները: Նոյն թուականին ան որոշեց այլեւս լքել Կովկասը ու մեկնիլ Ամերիկա, իր զարմիկին մօտ, Վիրճինիա նահանգի Ռիջմոնտ քաղաքը, ու շարունակել իր լուսանկարչական փորձառութիւնը աւետեաց երկրին մէջ:
Երախտաւորը հեռու չմնաց կուսակցական ու ազգային կեանքէն ու մաս կազմեց Ռիջմոնտի ՌԱԿ-ի տեղական ակումբին, յաճախ յօդուածներով թղթակցելով «Պայքար» օրաթերթին:
Հովիւեանի երկրորդ յուսախափութիւնը եղաւ 1920-ին, երբ Ասպետական Ֆրանսան դրժեց իր տուած խոստումը Կիլիկիոյ համար:
Երախտաւորը մօտէն կը հետեւէր Ռամկավար մամուլին ու կուսակցական նոր շրջանակներու կազմութեան հրճուանքը կ'ունենար:
Իր եղեռական մահը պատահեցաւ 1937 Մարտ 28-ին, երբ սեւամորթ ոճրագործը կողոպուտի համար սպաննեց երախտաւորը՝ 75 տարեկան հասակին:
ՌԱԿ-ի Արեւելեան շրջանակէն գաղափարի իր ընկերները եւս ներկայ եղան ազգային յուղարկաւորութեան:
Արա Ահարոնեան