ՌԱԿ-ի երախտաւորները. Օննիկ Սարգիսեան

2019-07-30
Image

ԳՐԱՔՆՆԱԴԱՏ ՈՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ ՕՆՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

1914, Սասուն – 1993, Լոս Անճելըս

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Երախտաւոր Օննիկ Սարգիսեան ծնած է Սասուն, 1914-ին։ Տարագրութեան ճակատագիրով երկու տարեկան երեխան կը դառնայ թափառական, հարազատներուն հետ տեղափոխուելով Կիլիկիա՝ որպէս յարաբերաբար ապահով վայր. նախ Ատանա ու ապա Ալեքսանտրէթ (Սանճաք)։

1923-ին հարազատներով կը հաստատուի Հալէպ, ուր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ նախ Կիլիկեան, ապա Հայկազեան վարժարաններէն ներս։ 1926-ին, 12 տարեկան պատանին կ՚ուղարկուի Կիպրոս, դառնալու առաջին աշակերտներէն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։ Պատանի Օննիկին մօտ այդ տարիներուն կը յայտնաբերուի գրական ուսումնասիրութիւններ կատարելու յաջող փորձերը։ 1932-ին աւարտելէ ետք կրթարանի երկրորդական ուսումնաշրջանը, կը վերադառնայ Սուրիա։

Հալէպի մէջ ատենոյ Բարեգործականի կրթական գործիչ ու ՌԱԿ-ի երախտաւոր Միքայէլ Նաթանեանի պնդումներուն վրայ, Սարգիսեան կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ։ Առաջին հերթին կը մեկնի Ազէզ (Սուրիա), ուր Բարեգործականը ունէր նախակրթարան մը։ Հոն շուրջ երկու տարի հայերէն լեզու դասաւանդելէ ետք, 1934-ին կ՚անցնի Քեսապ, այս անգամ պաշտօնավարելով Ֆրանսիսքէններու վարժարանէն ներս։

1938-ին կը վերադառնայ Հալէպ ու կը շարունակէ ուսուցչական ասպարէզը որպէս հայ գրականութեան դասատու, յաջորդաբար Սահակեան, Կիլիկեան եւ Ուսումնասիրաց վարժարաններուն մէջ։

Այս շրջանին Օննիկ Սարգիսեան միութենական ու հասարակական իր մասնակցութիւնը կը բերէ մաս կազմելով Հալէպի Բարեգործականի Մշակութային յանձնախումբին, միաժամանակ գրական սերտ կապեր պահելով յարաբերաբար երիտասարդ Ստեփան Ալաջաջեանի (Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար), ինչպէս նաեւ բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի հետ։

1947-ին կը հրաւիրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որպէս ընդհանուր դաստիարակ ու գրականութեան ակումբի պատասխանատու։ Յաջորդող երեք տարիներուն Մելգոնեանի մէջ իրեն աշակերտող սան-սանուհիներէն շատեր յետագային կը նուիրուին ազգային հասարակական կեանքի, իրենց բնակած գաղութներէն ներս։

1950-ին կու գայ ընտանիքով հաստատուելու Պէյրութ ու կը դառնայ դասախօս հայերէնի ու հայ գրականութեան ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս։ Պէյրութի մէջ իր գաղափարական հակումներով մուտք կը գործէ ՌԱԿ-ի շարքերը ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։

1956-ին բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի հետ կը դառնայ անդրանիկ խմբագիրը ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագրին, ինչպէս նաեւ յետագային ամբողջ տասնամեակ մը կը վարէ ատենապետութիւնը Լիբանանի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

Այս շրջանին իր բարձրագոյն ուսումը կը կատարելագործէ հետեւելով Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքներուն։

1957-ին կը հրաւիրուի որպէս տնօրէն Պէյրութի մէջ նորաբաց ՀԲԸ Միութեան Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանին, նոյն ժամանակ որպէս այցելու ուսուցիչ մնալով Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս։ Լիբանանի ատենոյ կրթական կեանքին իր մասնակցութիւնը Սարգիսեան պիտի բերէր նաեւ Սիմոն Սիմոնեանի հետ կազմելով «Արագած» հայերէն դասագիրքերու շարքը։

70-ական թուականներու սկզբնաւորութեան կը դառնայ ատենապետը ՀԵԸ-ի Մշակութային յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Վահրամ Փափազեան թատերախումբին։

Այս հանգամանքով իրեն կը վիճակուի 1973-ին հրաւիրել Հայաստանի Պետական Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ վաստակաշատ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի, իսկ յաջորդ տարին, Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը կը մեկնի հայրենիք, հայրենի բեմին վրայ հանդէս գալով շարք մը ներկայացումներով։

Օննիկ Սարգիսեանի հասարակական կեանքի կարեւոր դրսեւորումը եղաւ, երբ ան 1975-ին ստանձնեց Մեծ Եղեռնի 60-ամեակի Լիբանանի Միացեալ մարմինին ատենապետութիւնը։ Պէտք է ըսել, որ այս մարմինին գործունէութիւնը մեծ արձագանգ ձգեց նաեւ օտար մամուլի մօտ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Սարգիսեան շարունակեց Պէյրութի մէջ իր ուսուցչական ասպարէզը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործունէութիւնը, երբեմն ալ մաս կազմելով միջկուսակցական մարմիններու՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամի հանգամանքով։

1978-ին հրախտաւորը կը հրաւիրուի Հիւսիսային Ամերիկա, որպէս գլխաւոր բանախօս շրջելու զանազան գաղութներ, Վահան Թէքէեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներուն, որ նախաձեռնուած էր ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։ Այս տողերուն հեղինակն ալ առիթը ունեցաւ վայելելու իր երբեմնի հայերէն լեզուի ուսուցիչին ներկայութիւնը։

1983-ին «Շիրակ» ամսագրի իր պաշտօնը փաստացիօրէն կը վստահուի Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին, որ ձեռնհասօրէն պիտի շարունակէր մշակութային ամսագրի խմբագրութիւնը մինչեւ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլը։ Իսկ ամսագիրին խմբագրութիւնը կը վստահուի Հայկ Նագգաշեանին (1987-89)։

Ընկեր Օննիկ Սարգիսեան 1986-ին արժանացած է հայրենի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարարութեան «Խաչատուր Աբովեան»ի անուան մետալին, առ ի գնահատանք իր գրական եւ կրթական գործունէութեան։

1987-ին վերջնականապէս Սարգիսեան հանգստեան կը կոչուի կրթական ասպարէզէն, շարունակելով գրական հրապարակագրական, խմբագրական եւ հասարակական գործունէութիւնը։

Տարի մը ետք, 1988-ին կու գայ հաստատուելու Կլենտէյլ, իր երիցագոյն դստեր՝ Սոնային մօտ։ Յաճախակի իր ներկայութիւնը Լոս Անճելըսի գաղութի ազգային եռուզեռին, զինք ճանչցողներուն համար պիտի թարմացնէր միջինարեւելեան գաղթօճախներու յուշերը. աւելին, ան յաճախ կը շրջապատուէր իր երբեմնի աշակերտներով, որոնք հաստատուած էին Քալիֆորնիա։

Յառաջացած տարիքին Սարգիսեան իր մահկանացուն կնքեց 79 տարեկան հասակին՝ 1993-ի Ապրիլին, Կլենտէյլի մէջ։ Սարգիսեանի երեք դուստրերն ալ՝ Սոնան, Սալբին ու Մարալը իրենց մասնակցութեամբ սատարած են գաղութներու միութենական կեանքին, իսկ թոռնուհին՝ իրաւաբանուհի Թալին Եագուպեանը ատենապետուհին է ՀԲԸ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին։