ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Կ. Պոլսոյ նորընտիր Պատրիարքը

2019-12-14
Image

Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանին

 

Ամենապատիւ Պատրիարք սրբազան,

Սրտի խոր բերկրանքով տեղեկացանք, որ Կ. Պոլսոյ պատմական պատրիարքական աթոռը, տասնամեակէ մը աւելի թափուր մնալէ ետք, արդէն ունի իր նոր 85-րդ պատրիարքը` ի դէմս Ձեզ: Առաւել ուրախալի է երկար սպասուած ընտրութիւններու խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ անցնելու փաստը:

Այս առթիւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամութեան անունով կ'ողջունենք եւ ի սրտէ կը շնորհաւորենք Ձերդ ամենապատւութիւնը, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուելու կապակցութեամբ:

Առաւել քան վստահ ենք, որ Ձեր գահակալութեամբ նոր, լուսաշող, բեղուն շրջան մը սկիզբ պիտի առնէ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռին պատմութեան մէջ եւ պատրիարքրանը ձեռնհասօրէն պիտի շարունակէ իր կարեւոր եւ լիարժէք ծառայութիւնը բերել թրքահայ համայնքի ազգային եկեղեցական կեանքէն  ներս:

Աւարտին, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենքենք  Ձերդ Ամենապատուութիւնը, որպէս Կ. Պոլսոյ նորընտիր Պատրիարք եւ Ձեզի կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով ու հարուստ ծառայութեամբ լեցուն երկար գահակալութիւն:

Որդիական խոնարհութեամբ մատչիմք ի համբոյր
Ձերդ Սրբութեան Սուրբ Աջոյն

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր

Մայք Խարապեան | Ատենապետ