Հաւատքի Ու Համոզմունքի Գաղափարական Ամրակուռ Նուիրեալը. Լեւոն Պըլըխեանի Պայծառ Յիշատակին

2022-11-25
Image

Հալէպի ՌԱԿ-ԹՄՄ-ՀԲԸՄ պանծալի եռեակին մէջ, կային բազմաթիւ երախտաւորներ ու վաստակաւորներ, որոնք ամբողջական նուիրումով ու ծառայութեամբ, փարած էին իրենց գաղափարական-մշակութային-միութենական ոգեշունչ կեանքին։

Հալէպը վարակիչ հնոց էր, բոցաշունչ օճախ, հայրենաոգի ոստան ու հայակերտման ամրոց, ուր կոփուեցան ու խմորուեցան իրերայաջորդ սերունդներ, լոսաւորելով ու պայծառեցնելով միջին-արեւելեան հայագաղութները։

Այդ գործընթացներուն մէջ, ինչպէս երէց սերունդներու տեսլապաշտները, իրենց ազգային-գաղափարական դիտարկումներով, նաեւ դաստիարակութեամբ, ծնունդ տուին ողջմիտ, լրջախոհ եւ իրատես սերունդներու փաղանգի մը, որ հալէպահայութեան համար դարձան յոյսի եւ լոյսի պայծառ փարոսներ, որովհետեւ գիտցան իրենց կոչումներուն արժանաւոր շառաւիղները դառնալ։

Հալէպահայութիւնը, իր «թթխմոր»ութեամբ, դարձաւ նաեւ լիբանանահայութեան «կենդանութեան» խարիսխը, ուր կոփուեցան ու թրծուեցան բազմաթիւներ, իրենց հայկականութեամբ, հայրենասիրութեամբ ու հայակերտութեամբ, իսկ ասոնք, անտարակոյս, խոր դրոշմներ ձգեցին այն հաւաքականութիւններուն ու համայնքապահպանութիւններուն վրայ, որոնք գաղութներ կերտեցին, իրենց ոչ միայն մշակութային ու գոյութենականութեան ծիլերով, այլեւ՝ դարձան մղիչ ու կոփող ուժերը, զանոնք կանգուն պահելու ազգային առաջադրանքներով։

***

Լեւոնը կը պատկանէր այդ սերունդներու կարկառուն ու խոստմնալի ուժերէն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգային ՀԱՒԱՏԱՄՔՆԵՐՈՒՆ, ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու ճշդապահութեամբ, առաքինութեամբ ու վեհանձնութեամբ։

Ճանչցուած էր իբրեւ պարկեշտ եւ անկեղծ, ուղղամիտ եւ անաչառ, մեծասիրտ ու հանդարտաբարոյ ազգային գաղափարական դէմք, յարգուած ոչ միայն իր անմիջական ոլորտներէն, այլեւ՝ բազմաթիւ համայնքային ու գաղութային շրջանակներէն։

Սուրիական ահաւոր պատերազմը եւ Հալէպի տխուր ճակատագիրը պատճառ եղան, որ Լեւոնը եւ իր ընտանիքը, ակամայ հեռանան իրենց սիրելի ծննդավայրէն, ոչ թէ այլուր, այլ՝ իրենց ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ, ուր հաստատուեցաւ եւ իր ազգային-հայրենասիրական, գաղափարական-միութենական, նաեւ առեւտրական գործերը շարունակեց, մեծ խանդավառութեամբ եւ անխառն պատրաստակամութեամբ։

Ոչ մէկ կասկած, եթէ Հալէպի մէջ ան կազմաւորուեցաւ որպէս տիպար եւ անխոնջ ազգային մը, ապա, հայրենիքի մէջ, ան եղաւ ու վերակազմաւորուեցաւ, իբրեւ նորօրեայ ռամկավար դրօշակակիրներէն, հաւատալով որ իր էութեամբ, գոյութեամբ ու գործունէութեամբ, ան չունէր եւ չէր կրնար ունենալ այլընտրանք։

Անձնապէս, բազմիցս վայելած եմ Լեւոնին ընկերութիւնը եւ մտերմութիւնը, ամէն անգամ որ կը հրաւիրուէի Հալէպ, ՌԱԿի թէ ԹՄՄի ծիրերէն ներս, ունենալու հրապարակային ելոյթներ, դասախօսութիւններ ու հանդիպումներ, ուր Լեւոնը կ’ըլլար այն համեստ երեւելիներէն, որ գիտէր ինչպէս վերաբերուիլ մտաւորականներուն, հրապարակագիրներուն ու խմբագիրներուն հետ, իսկ ասոնք, այնպիսի արժանիքներ էին, որոնք ամէն մարդու տրուած չէին։

Այսպիսի պատուական եւ արժանաւոր գաղափարական ընկերոջ մը մեկնումը, անտարակոյս, կը յուզէ բոլորը, լիայոյս ըլլալով որ, անոր յիշատակը կը մնայ անթառամ եւ անսասան։

Կանուխ եւ անակնկալ մեկնեցար, սիրելի Լեւոն, բայց, քու օրինակելի գործերդ եւ ընկերային ջերմ յուշերդ չեն մոռցուիր։

 

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ