«Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը կը կոծկուի». Կարօ Փայլան

2022-01-19
Image

Թուրքիոյ խորհրդարանի՝ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտարարած է, որ «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործը կը կոծկուի։ Ան ընդգծած է, որ այդ սպանութեան գործը բացայայտելու համար հարկաւոր է քաղաքական կամք։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Ermenihaber.am-ը։

«Դժբախտաբար, 15 տարի է՝ դատապարտուած ենք ապրելու առանց Հրանդ Տինքի, որ շարունակ կը քարոզէր միասին ապրիլ»,- յայտարարած է Փայլանը խորհրդարանին մէջ։

«Այդ օրերուն, պետութեան ներսի խաւարը որոշած էր լռեցնել Հրանդ Տինքը եւ 2007 թ․ Յունուար 19-ին, Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ կազմակերպուած յանցագործութեամբ։ Սպանութիւն, որուն մասնակից եղած է պետութիւնը»,- ըսած է պատգամաւորը եւ ընդգծած, որ թրքական պետութիւնը այդպէս ալ չէ առերեսուած իր ներսի խաւարին։

Փայլան նաեւ անդրադարձած է ամիսներ առաջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի՝ ուղիղ եթերի ընթացքին ըրած յայտարարութեան, որմէ կ՝ենթադրուէր, որ Հրանդ Տինքի գործով դատապարտուած Էրհան Թունճելը կապ ունի թուրք յայտնի քրէական հեղինակութիւն Սետաթ Փեքերի հետ։

«Այդ օրէն (Սոյլուի յայտարարութենէն-խմբ․) անցած է 8 ամիս, ոչ մէկ դատախազ գործի չէ անցած, եւ Սուլէյման Սոյլուն չէ գացած դատական ​​մարմին՝ յայտնելու, թէ ինչ գիտէ այդ մասին։ Անգամ ասիկա ցոյց կու տայ, որ Տինքի սպանութիւնը խաւարի մէջ պահելու կամքը դեռ կը պահպանուի Անգարայի մութ միջանցքներուն մէջ»,- շեշտած է ան։