Ալֆորվիլը կողմ է Ֆրանսայի կողմէ Արցախի անկախութեան Ճանաչման
Ալֆորվիլի քաղաքային խորհուրդը միաձայն քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման օգտին: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան:
Որոշում կայացուած է նաեւ Ալֆորվիլի կողմէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայ բնակչութեան: