ԱՄՆ Ֆաուլըր քաղաքը ճանաչցած է Արցախի անկախութիւնը

2020-10-22
Image

Քալիֆորնիոյ Ֆաուլըր քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայն դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի դէմ, ճանչցած է Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքը եւ ԱՄՆ նախագահին եւ Քոնկրէսին կոչ ըրած է միանալու իրենց՝ Արցախի ազատութեան աջակցելու հարցով։

Խորհուրդի ընդունած հռչակագիրը ներկայացուցած է Ֆաուլըրի քաղաքային խորհուրդի անդամ Գառնիկ  Ղազարեանը՝ նշելով․ «Էթնիկ հայերու դէմ հերթական ցեղասպանային պատերազմի ընթացքին Ֆոուլըր քաղաքը կանգնած է Արցախի կողքին»։