Արտասահմանի մէջ հայկական լոպպիի աշխատանքի արդիւնքները մենք պիտի տեսնենք Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին մօտ. փորձագէտ
Արտասահմանի մէջ հայկական լոպպիի աշխատանքի արդիւնքները մենք պիտի տեսնենք Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին մօտ: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Անոր խօսքով՝ անցեալ տարի ԱՄՆ ընդունած երկու բանաձեւերը չեն կրնար հետեւանքներ չունենալ ամբողջ աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին ուղղութեամբ: Փորձագէտը կարեւորեց հայ փորձագէտներու լուրջ վերլուծական աշխատանքը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներու հետ կապուած, քանի որ բացառուած չէ, որ մենք կանգնած ենք փոփոխութիւններու շեմին՝ նման 20-րդ դարասկիզբին տեղի ունեցածին, երբ ստորագրուեցաւ Սեւրի փաստաթուղթը՝ ուղղուած Թուրքիոյ հիւսիսը քրիստոնէական պետութեան ստեղծման հետ:
«Այսօր ամէն ինչ կ'երթայ այն ուղղութեամբ, որ հայկական հարցը կրնայ դարձեալ արդիական դառնալ, բայց այլ բնոյթ կ'ունենայ՝ հաշուի առնելով հայկական պետութեան առկայութիւնը, որ փափուկ ուժ կիրառելով՝ կրնայ իր օրակարգն առաջ մղել աշխարհի շատ երկիրներու հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մօտ»,- պարզաբանած է ան:
Սաֆրաստեանը նշեց, որ վերջին շրջանին փոփոխութիւն կրած են Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ փոխյարաբերութիւնները: «Ուաշինկթընը սկսած է ռազմավարական հարցերու մէջ աշխոյժօրէն հաշուի առնել Մոսկուայի դիրքորոշումը եւ անոր անուանել Չինաստանէն ետք աշխարհի երկրորդ հակառակորդը: Ռուսաստանն իր հերթին շատ աշխոյժ է ՄԱԿ-ի մէջ, որուն դրսեւորումը դարձաւ ԱԽ նիստ հրաւիրելու անոր նախաձեռնութիւնը համաշխարհային խնդիրներ լուծելու համար: Այս ամէնը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը կը վկայեն այն մասին, որ մենք պէտք է պատրատուինք ամենաանսպասելի սենարներու»,- ամփոփած է թուրքագէտը: