Աւստրալիոյ յունական եւ կիպրական համայնքները կառավարութեան կոչ ուղղած են ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնները

2022-01-17
Image

Աւստրալիոյ Մելպուրնի եւ Վիքթորիոյ յունական համայնքի նախագահ՝ Պիլ Փափաստերկիատիս եւ Մելպուրնի եւ Վիքթորիոյ կիպրոսեան համայնքի նախագահ՝ Թէօ Ֆեոֆանուս, Աւստրալիոյ Փոնտական դաշնութեան աջակցութեամբ նամակ ուղարկած են վարչապետին՝ յորդորելով կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Օսմանեան կասյրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քրիստոնէական այլ փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, տեղեկացուցած է neoskosmos-ը։

Նամակը յաջորդած է 2021-ի Նոյեմբեր 29-ին Ներկայացուցիչներու պալատի միաձայն ընդունած առաջարկին, որով կոչ կ'ընէր կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալ ցեղասպանութեան աքթերը։

Առաջարկը արժանացած է խորհրդարանի հաւանութեան։

«Այն ամէնը, ինչ խնդրած ենք վարչապետէն, իսկ իրականութեան մէջ կը խնդրենք նաեւ ընդդիմութեան ղեկավարէն, միաձայն որոշումը յարգելն է, որ ընդունած է խորհրդարանը, եւ գործել անոր համապատասխան»,- ըսուած է համայնքներու նախագահներու համատեղ յայտարարութեամբ։

2021-ի դրութեամբ  աշխարհի 31 երկիր ճանաչած է ցեղասպանութիւնը, ներառեալ ԱՄՆ, Ֆրանսա, Իտալիա, Պրազիլիա, Շուէտ, Հոլանտա, Աւստրիա, Դանիա եւ Վատիկան։