Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատապարտած է Գեթսեմանիի Սբ. Աստուածածնայ տաճարը վրայ յարձակումը

2023-03-22
Image

Հայ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ հսկողութեան ներքոյ գտնուող Գեթսեմանիի Սուրբ Աստուածածնայ տաճարը յարձակման ենթարկուած է։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է՝ դատապարտելով տաճարի վրայ կատարուած յարձակումը։

«Թէեւ Սբ. Աստուածածնայ տաճարին վրայ այս յարձակումը առաջինն էր սոյն տարւոյ սկիզբէն ի վեր, սակայն քրիստոնէական միւս սրբավայրերը անզգամ յարձակողներու կողմէ մշտապէս կ’ենթարկուէին ինչպէս ֆիզքական բռնութեանց, այնպէս ալ հոգեբանական ճնշումներու: Եթէ քրիստոնէական սրբավայրերու վրայ կատարուած նախորդ յարձակումները արագօրէն դատապարտուէին տեղական իշխանութիւններու կողմէ, եւ յանցաւորները պատժուէին օրէնքի ողջ խստութեամբ՝ քրիստոնեայ համայնքներու, եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ նոր յարձակումներ չէին պատահիր: 

Կրօնական անհանդուրժողականութիւնը եւ ատելութեամբ լեցուած ոճրագործութիւնները՝ իրենց բոլոր դրսեւորումներով, երբեք պիտի չապահովեն խաղաղ համակեցութեան պայմաններ: Յատկապէս, երբ այսօր գերիշխող իշխանութեանց կողմէ անվերահսկելի են այդ յարձակումները՝ այդ աւելի պիտի քաջալերէ ատելութեամբ լեցուած յանցագործութեանց ու անհանդուրժողականութեանց: Այս տեսակ գործողութիւններն ու ատոնց անպատժելիութիւնը կը ստեղծէ անապահով պայմաններ քրիստոնէական համայնքներու համար եւ անվստահութեան սերմեր կը ցանէ հաւատացեալներու, զբօսաշրջիկներու եւ բնակիչներու մէջ՝ հանդէպ տեղական իշխանութեանց:

Հետեւաբար, կոչ կ’ընենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան, որպէսզի լուրջ միջոցներ ձեռնարկեն՝ կանխելու այսօրինակ յարձակումները եւ պաշտպանելու ինչպէս քրիստոնէական սրբավայրերը, այնպէս ալ անոնց ամենօրեայ սպասաւորները յետագայ ոտնձգութիւններէ եւ յարձակումներէ»,- ըսուած է Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ։