Երուսաղէմի հայ եւ յոյն պատրիարքներն ու Սուրբ Երկրի Քուստոսը միասնական նամակ մը ուղարկեցին Իսրայէլի նախագահին

2022-04-18
Image

Ապրիլ 18-ին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ պատրիարքը եւ Սուրբ Երկրի Քուստոսը միասնական նամակ մը ուղարկեցին Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկին: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ տեղեկացուցած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը։

«Լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը որոշած սահմանափակումներուն մասին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան տեղեկացնելէ ետք, պատրիարքութեան տարածած հաղորդագրութեան հրապարակումէն երկու օր անց Երուսաղէմի Հին քաղաքի ոստիկանատան քրիստոնեաներու բաժնի պատասխանատու սպան տեղեկացուց, որ արարողութեան հայ մասնակիցներուն թիւը 200-էն բարձրացած է 450-ի:

Պատրիարքութիւնը իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց նաեւ այս թիւին վերաբերեալ եւ ձեռնարկեց իրաւատէր համայնքներուն հետ միասնական բողոք-նամակ գրելուն:

Այսօր, իրաւատէր երեք համայնքներուն Հոգեւոր պետերը՝ Երուսաղէմի հայ պատրիարքը, Երուսաղէմի յոյն ուղղափառ պատրիարքը եւ Սուրբ Երկրի Քուստոսը Իսրայէլի մեծարգոյ նախագահ տիար Իսահակ Հերցոկին ուղարկեցին հետեւեալ միասնական նամակը»,- նշուած է վարդապետին գրառման մէջ, որուն կցուած է հոգեւորականներուն նամակը:

«Նորին Գերազանցութիւն, Իսրայէլի նախագահ

Մեծարգո՛յ Իսահակ Հերցոկ

Ձեզի կը յղենք մեր ջերմ ողջոյնները։

Այս համատեղ նամակով մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Զատկուայ տօնակատարութիւններուն առաջարկուող անընդունելի սահմանափակումներուն եւ սահմանուած թիւին գծով։

2022 թուականի ապրիլ 11-ին ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ Զատկուայ տօնին միայն 1000 քրիստոնեայ հաւատացեալի արտօնութիւն տրուած է Սուրբ Յարութեան արարողութեան մասնակցելու, թէեւ ընդունուած է, որ հազարաւոր մարդիկ մտնեն եկեղեցի այս տօնին առթիւ։ Աւելի՛ն, ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ այդ 1000-էն միայն 500-ին պիտի արտօնուի մուտք գործել Քրիստոնէական թաղամաս եւ եկեղեցւոյ բակին նայող տանիքը»,- նշուած է նամակին մէջ:

Եկեղեցիներուն ղեկավարները, որոնք պատասխանատու են միջոցառման համար, իրենց խոր մտահոգութիւնն ու անհամաձայնութիւնը կը յայտնեն այս անարդար եւ անբացատրելի որոշման առնչութեամբ, որ կը սահմանափակէ քրիստոնեայ ուխտաւորներու հաւատքի ազատ պաշտամունքի իրաւունքը իրենց համար տարուան կարեւորագոյն այս օրը:

«Այս Սուրբ Աստուածածառայութիւնը, որ ձեռք բերուած է եկեղեցիներուն տեւական համագործակցութեան շնորհիւ եւ կը շարունակուի դարեր շարունակ, երբեք անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններու պատճառ չէ հանդիսացած:

Համաշխարհային քրիստոնէական համայնքը այս սահմանափակումները կը մեկնաբանէ որպէս քրիստոնեայ փոքրամասնութեան անարդարացի թիրախաւորում:

Հաստատեալ կարգավիճակի կոմիտէն հաւատարիմ է անվտանգ արարողութեան եւ կը խնդրէ, որ Իսրայէլը աջակցի եւ թոյլ տայ քրիստոնեաներուն՝ առանց սահմանափակումներու տօնել Քրիստոսի Յարութիւնը:

Հաստատեալ կարգավիճակի կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ Իսրայէլին, ինչպէս միշտ, ապահովելու եկեղեցիներուն իրաւունքը՝ կիրառելու իրենց սովորոյթներն ու արարողութիւնները, եւ արտօնել քրիստոնեայ ուխտաւորներուն ազատօրէն մտնելու Հին քաղաք եւ ուղղուիլ դէպի Սուրբ Գերեզման:

Համաճարակին պատճառով զանազան եւ երբեմն խիստ սահմանափակումներէն, ինչպէս նաեւ երկու տարուան դժուարին պայքարէն ետք, կենսական նշանակութիւն ունի, որ բոլոր համայնքներուն անգամ մը եւս արտօնուի երկրպագել ազատ եւ առանց սահմանափակումներու:

Մենք վստահ ենք ձերդ գերազանցութեան իմաստուն միջամտութեան մէջ, եւ օգտուելով առիթէն՝ կը մաղթենք, որ Սուրբ Զատկուան տօնը նշէք առողջ եւ երջանիկ՝ ձեր ընտանիքին եւ մտերիմներուն հետ միասին»,- եզրափակուած է հոգեւորականներուն նամակը: