Էրտողանը հրահանգած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտմամբ զբաղող կառոյց ստեղծել

2020-06-23
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը Բարձրագոյն խորհրդատուական կոմիտէի հերթական նիստի ժամանակ հրահանգած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարող անկախ կառոյց ստեղծել։

Թրքական Hurriyet–ի փոխանցմամբ՝ Թուրքիոյ նախագահի կողմէ նման կառոյց ստեղծելու միտքը առաջացած է քանի մը ամիս առաջ ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ յայտնուելէն եւ ամերիկեան դատարաններուն մէջ հայերու կողմէ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր բացուելէն ետք։ Սակայն «Քորոնա» ժահրի տարածումը ստիպած էր թրքական իշխանութիւնները յետաձգել այս կառոյցի ստեղծումը:

Հայոց ցեղասպանութեան հերքմամբ կառոյց ստեղծելու գաղափարը առաջ քաշուած է Բարձրագոյն խորհրդատուական կոմիտէի Ճեմիլ Չիչեքը եւ ան այս թեմայով Թուրքիոյ նախագահի խորհդական Սեյիթ Սերթչելիքի հետ հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած են։ Բանախօսները շեշտած են, որ Թուրքիոյ մէջ չկայ առանձին կառոյց մը, որ կը զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան հերքմամբ եւ ռազմավարութեան մշակմամբ։ Նշուած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարին մէջ շարք մը նախարարութիւններ կը մասնակցին, սակայն միասնական  քաղաքականութիւն չէ մշակուած:

Ներկայացուած է նաեւ նոյն թեմայով 5 համալսարաններու պատրաստած զեկոյցը։

Թուրքիոյ նախագահը ընդունած  է մասնակիցներու առաջարկները եւ հրահանգած է ստեղծել անկախ կառոյց, որ կը զբաղի միայն Հայոց ցեղասպանութեան հերքման աշխատանքներով։