Էրտողանն Ապրիլ 24-եան ուղերձին մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքի աջակցութիւնը հայցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործով
Թուրքիոյ նախագահը Ապրիլ 24-ի առիթով ուղերձ յղած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին եւ հայ համայնքին, որ ընթերցուած է պատրիարքարանի Մայր եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պատարագին ժամանակ:
«Մէկ անգամ եւս յարգանքով կը յիշեմ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ մահացած օսմանեան հայերը եւ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտեմ անոնց ողջ մնացած հարազատներուն», մասնաւորապէս ըսուած է ուղերձին մէջ:
Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ընդգծած է, որ Առաջին Աշխարհամարտին յաջորդող տարիները Օսմանեան կայսրութեան միլիոնաւոր զաւակներուն համար շատ ցաւալի շրջան եղած են: Անոր պնդմամբ` մարդկութեան պարտքն է կիսել այդ ընդհանուր ցաւը` առանց կրօնական, ցեղային ու մշակութային խտրականութեան:
Թուրքիոյ նախագահը իր ուղերձին մէջ շեշտած է «անցեալի վէրքերը միասին ամոքելու եւ մարդկային կապերը աւելի ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:
«Հաւատացած եմ, որ այս տրամաբանութեամբ ցաւերը աւելի խորացնելու փոխարէն պէտք է միասին կառուցենք ապագան` ներշնչուելով հազար տարուայ արմատներ ունեցող մեր համակեցութենէն», ըսուած է ուղերձին մէջ:
Անդրադառնալով հայ-թրքական բանակցային գործընթացին` Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ գիտէ եւ շատ կը կարեւորէ, որ հայ համայնքը անկեղծօրէն կը սատարէ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին եւ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ համագործակցութեան:
«Կ’ակնկալեմ, որ դուք ալ ձեր հզօր ներդրումը կ’ունենաք երկար տարիներ անց մեր տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար յառաջացած պատմական հնարաւորութեան արժեւորման հարցին մէջ», ըսած է Էրտողան` վստահեցնելով. «Ամէն ջանք պիտի գործադրենք Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն խաղաղ ու անվտանգ կեանքի ապահովման համար»: