Էրտողան «դաւաճան» անուանած է Կարօ Փայլանը
Թուրքիոյ նախագահը խստօրէն դատապարտած է խորհրդարանի Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ օրինագիծ ներկայացնելու համար:
Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը այդ քայլը անարգանքէն աւելի` բացայայտ դաւաճանութիւն համարած է: Ան յոյս յայտնած է, որ «խորհրդարանի իրաւական եւ բարոյական կանոնները ոտնահարած անձին նկատմամբ համապատասխան գործողութիւններ կը ձեռնարկուին»:
107-րդ տարելիցին ընդառաջ Փայլանի կողմէ մեճլիսի քննարկման ներկայացուած օրինագիծը կ’ենթադրէր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սահմանել պատասխանատուները, հանրային վայրերէն հեռացնել Ցեղասպանութեան մեղաւորներուն անունները, փոխարէնը այդ վայրերը անուանակոչել Ցեղասպանութեան ընդդիմացած քաղաքական ծառայողներուն անուններով, տուժածներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհել:
Խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը այդ օրինագիծը ետ ուղարկած էր` պատճառաբանելով, թէ այն կը հակասէ մեճլիսի կանոնադրութեան: