Թուրքիան կը փորձէ գրաւել Երուսաղէմի հայկական թաղամասը․ The Jewish Press

2020-02-14
Image

Վերջին ժամանակներուն Թուրքիան աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար։ Այս մասին ըսուած է The Jewish Press կայքի բացառիկ յօդուածին մէջ։

Ինչպէս յայտնի դարձած է հեղինակին, վերջին քանի մը տարիներուն թուրք դիւանագէտները կը փորձեն գնել տեղի քրիստոնեաներուն պատկանող անշարժ գոյքը։ Թաղամասի բնակիչներէն Իլիա Քահապաճեանը, որուն կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութեան մասին հազուագիւտ լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու թանգարանը, պատմած է, որ թուրք դիւանագէտը փորձած է համոզել զինք դադարեցնել իր գործունէութիւնը:

Իլիան ընդգծած է, որ դիւանագէտն իրեն չէ սպառնացած, ինքը խնդրած է անորմէ հեռանալ։

Հայկական թաղամասին մէջ սեփականութիւն ունեցողները կը նշեն, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները վերջերս տարբեր կարիքներու համար առաջարկած են 3000 տոլարի չափով քանի մը դրամաշնորներր, սակայն անոնց առաջարկները մերժուած են տեղի բնակիչներու կողմէ։

Յօդուածի հեղինակը կ'ընդգծէ, որ թուրքերը նաեւ կը փորձեն գնել հայերու սեփականութիւնը։ Քանի մը ամիս առաջ թաղամասի բնակիչները ապշեր են այն նորութենէն, որ տուներէն մէկը իր իրական արժէքը երեք անգամ գերազանցող գինով վաճառուած է իսլամի։ Պարզուած է, որ գործարքը Թուրքիայէն ֆինանսաւորուած է:

Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ աշխոյժութեան աճը եւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու աջակցութիւնը  մտահոգություն կ'առաջացնեն Իսրայէլի մէջ: Վերջերս իր ամենամեայ զեկոյցին մէջ ՑԱԽԱԼ-ի հետախուզական բաժինը առաջին անգամ Թուրքիան սպառնալիք անուամած էր։

Մզկիթները տեսարժան վայրերու ցուցակին մէջ ներառուելէն ետք, քաղաքին մէջ մեծցած է թուրք զբօսաշրջիկներու թիւը։ Իլիա Քահապաճեանի խօսքով՝ թուրք զբօսաշրջիկները կը պատռեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին պաստառներն ու հրապարակումները։

Հեղինակը կը նշէ, որ ո՛չ Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը, ո՛չ Համագործակցութեան եւ համակարգման թրքական գործակալութիւնը չեն պատասխաներ յօդուածի հրապարակման վերաբերեալ հարցերուն, թէեւ խոստովանած են, որ ստացած են զանոնք: