Թուրքիոյ մէջ հայկական կրօնական ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ է

2021-12-06
Image

Թուրքիան կը կիրառէ «հայ համայնքը վախեցնելու նոր ձեւեր», կ'ըսուի ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովի հաշուետուութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ժառանգութեան հայկական կէտերը տակաւին կը գտնուին սպառնալիքի ներքոյ: 2021-ի սկիզբը Քիւթախյէի մէջ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին քանդուած է, երբ անցած է անյայտ անձի սեփականութեան ներքոյ՝ չնայած որ ունեցած է պահպանուող առարկայի կարգավիճակ: Օգոստոսին աւիրած են Վանի մէջ հայկական գերեզմանատունը:

Հաշուետուութեան համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յաճախ կը շարունակէ շինարարութիւնը, որ կը սպառնայ գերեզմանատներին. օրինակ՝ 2021-ի Մարտին ընդդիմադիր պատգամաւոր  Կարօ Փայլանը, որ ունի հայկական արմատներ, խորհրդարանական հարցում ուղղած է տեղեկանալու, թէ ինչու կառավարութիւնը չէ դադրեցուցած պետական դրամատան շինարարութիւնը Անգարայի պատմական կեդրոնին մէջ՝ հայկական գերեզմանատան տեղում: 2021-ի Ապրիլին ի պատասխան Փայլանի դիմումի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ պատգամաւոր Եումիթ Օզտակը սպառնացած է. «Դուք նոյնպէս կ'ունենաք Թալեաթ փաշայի փորձը»: