Կարօ Փայլան բարձրաձայնած է Թուրքիոյ մէջ առկայ խտրականութեան մասին
Թրքական մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կոչը ուղղուած արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին։
Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արտաքին գործերու նախարարին ուղղուած իր ելոյթին մէջ քննադատած է Թուրքիոյ քաղաքայիններու նկատմամբ խտրական յայտարարութիւններուն համար։
Փայլան շեշտած է, որ Մեւլութ Չաւուշօղլուն պէտք չէ իր ելոյթներուն մէջ նշէ «յարգելի ազգակիցներ» արտայայտութիւնը, քանի որ Թուրքիոյ մէջ հաւասար իրաւունքներ ունին նաեւ միւս՝ Թուրքիոյ քաղաքացի հայերը, քիւրտերը, արաբները, ասորիները եւ այլ ազգեր։ Փայլան կոչ ըրած է Չաւուշօղլուին՝ այսուհետեւ օգտագործելու «հայրենակիցներ» բառը, ոչ թէ՝ խտրական «ազգակիցներ» բառը։
Թրքական մամուլին մէջ կը նշուի, որ Կարօ Փայլանի այս ելոյթէն յետոյ Չաւուշօղլուն անյարմար դրութեան մէջ յայտնուած է։