Հայաստանի սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բանաք. Կարօ Փայլանը հարցումներ յղած է Թուրքիոյ փոխնախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին

2021-09-10
Image

Թուրքիոյ «Քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP)  հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը հարցումներ յղած է Թուրքիոյ փոխնախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին.

«Հանրապետութեան փոխնախագահ պարոն Ֆուատ ՕՔԹԱՅԻՆ և Արտաքին գործոց նախարար պարոն Մեւլիւթ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻՆ կ՚առաջարկեմ հետեւեալ հարցումներս գրաւոր պատասխանել՝ ըստ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ ԹԱՄԺ-ի ներքին կանոնադրութեան 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու։

Թուրքիա, 1991-ին Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը ըլլալով հանդերձ, Ղարաբաղեան պատերազմին պատճառով 1993-էն մինչեւ այսօր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ չհաստատելով նաեւ դիւանագիտական ու քաղաքական յարաբերութիւն։

1993-էն ետք քաղաքական իշխանութիւնները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը առնչեցին հայկական զինեալ ուժերու Ատրպէյճանի տարածքէն նահանջին։ Անցեալ տարուան Ղարաբաղեան պատերազմի աւարտին հաստատուած հրադադարի պայմանագրով, հայկական ուժերը նահանջեցին այն տարածքներէն, զորս տասնամեակներէ ի վեր կը պահէին իրենց ձեռքին։

Վերջին շրջանին թէ՛ հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, թէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան կատարեցին յայտարարութիւններ, որոնք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ կոչեր կը պարունակէին։

Այս առումով.

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ ինչպիսի՞ ճանապարհ մը պիտի որդեգրէք։

Հայաստանի սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բանաք։ Ե՞րբ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէք Հայաստանի հետ։

Հայաստանի հետ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէք։

Ցամաքային ու երկաթգծային փոխադրութեան հաստատման համար Հայաստանի հետ բանակցութիւններու ձեռնարկա՞ծ էք։

Դէպի Հայաստան ուղիղ թռիչքներու սկսելու համար նախաձեռնութիւն յանձն պիտի առնէ՞ք»։