Հրեայ գիտնականը Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ'ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը
Իսրայէլցի գիտնականը կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենթարկուիլ Թուրքիոյ ճնշումներուն։ Անոր նոր գիրքը՝ «Իսրայէլի ձախողած պատասխանը Հայոց ցեղասպանութեան՝ ժխտում, պետական խաբեութիւն, ճշմարտութիւնն ընդդէմ պատմութեան քաղաքականացման» վերնագրով, տպագրուած է այս տարի:
Իսրայէլ Չարնին իր նոր գիրքին մէջ խօսած է Թուրքիոյ ճնշման ներքոյ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մասին եւ կոչ ըրած է Իսրայէլի կառավարութեան ճանչնալ այդ փաստը, կը գրէ The Jerusalem Post-ը։
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման օգտին փաստարկը օգտագործուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պահպանելու համար: Անոնք, որոնք դէմ են ցեղասպանութեան ժխտման, կը յայտարարեն, որ այն կը հակասէ Իսրայէլի ոգիին եւ անոր անվտանգութեան»,- ըսած է գիտնականը:
«Ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ օգտագործուած է 1982 -ին կայացած համաժողովին, որուն կը մասնակցէին Էլի Վէյզըլն ու հոգեբոյժ Շամայ Տէյվիտսընը: «Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին միջազգային համաժողովը» վերնագրով համաժողովին առաջին անգամ հայերուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ միջազգային լսարանին փոխանցել ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց փորձը:
Բայց Հոլոքոսթի եւ այլ ցեղասպանութիւններու հարցով 300 շնորհանդէսներու մէջ հայկականը յիշատակուած է միայն վեց անգամ, նշած է գիրքի հեղինակը: