Մալաթիոյ մէջ հայ վարպետներու կառուցած շէնքերը չեն խոնարհած
Մալաթիոյ հին հայկական թաղամասի տուները գրեթէ չեն վնասուած փետրուար ամսուն Թուրքիոյ մէջ գրանցուած ուժգին երկրաշարժերէն։
Այդ մասին, Մալաթիայէն հաղորդած է Ֆըրաթ Սարոյեան։
Իր դիմատետրեան էջին այս թեմայի վերաբերեալ գրառում կատարած Սարոյեան նաեւ աւելցուցած է, որ Մալաթիոյ մէջ 150-200 տարի առաջ հայ վարպետներու կողմէ կառուցուած աղիւսէ տուները կանգուն մնացած են այն պարագային, երբ նորակառոյց շինութիւններու մեծ մասը փուլ եկած է։
Լուրը՝ Akunq.net-էն: