Նոր Հարաւային Ուէյլս նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը
Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգներէն մէկուն` Նոր Հարաւային Ուէյլսի Օրէնսդիր ժողովը 61 կողմ ձայնով պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը:
Առաջարկի հեղինակներն են պատգամաւորներ Հիւ ՄաքՏերմոթը եւ Վիքթըր Տոմինելլոն։ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցուած է 61 կողմ եւ 2 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարձակումները Արցախի բնիկ ժողովուրդի՝ հայերուն դէմ: