Չաւուշօղլուն Ցեղասպանութեան սերունդներուն «Գորշ գայլ»ի նշանը ցոյց տուած է
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշողլուի Ուրուկուայ այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած է սկանտալ: Մոնթեվիտէոյի Թրքական դեսպանութեան առջեւ հաւաքուած հայերու բողոքներուն Չաւուշողլուն պատասխանած է «գորշ քայլերու» նշանով:
Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ դեսպանին կանչած է նախարարութիւն` այդ նշանի կապակցութեամբ բացատրութիւններ տալու համար: Հանդիպումը նախատեսուած է երկուշաբթի օրը:
Ուրուկուայի հայկական կազմակերպութիւնները դատապարտեցին Չաւուշողլուի ըրածը:
Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի այցը Մոնթեվիտէօ Ապրիլ 23-ին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուայ նախօրէին, յարուցած է հայ համայնքի դժգոհութիւնը: Տեղի հայ համայնքը, նկատի ունենալով Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ տարբեր երկրներու մէջ կատարուած վայրագութիւնները, խնդրած էր երկրի ներքին գործոց նախարարէն ուժեղացնել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնակներ ապահովութիւնը:
Ապրիլ 24-ին մայրաքաղաքի «Արմենիա» հրապարակման վրայ տեղի ունեցող միջոցառման ընթացքին նախատեսուած է Ուրուկուայի արտաքին գործոց նախարարի ելոյթը: Ապրիլ 26-ին խորհրդարանէն ներս` ելոյթ կ՛ունենայ երկրի փոխնախագահը:
Նախատեսուած են նաեւ կրօնական արարողութիւններ, քայլարշաւ, ցոյցեր եւ այլ միջոցառումներ: