Պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու Էրտողանի միջնորդութեան ցուցակին վրայ է նաեւ Կարօ Փայլանի անունը

2021-10-07
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական  կուսակցութեան» երեք եւ «ժողովրդավարական տարածաշրջանային կուսակցութեան» մէկ պատգամաւորի անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդութիւն ուղարկած է խորհրդարան:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»–ը, յայտնած է թրքական «Եէնիշաֆաք»-ը:

Էրտողանի միջնորդագիրին մէջ տեղ գտած է նաեւ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական  կուսակցութենէն» հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլանի անունը: