Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ միջկուսակցական ժողով` Բերձորի միջանցքին վերաբացման համար
Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները` Ալեքսան Քէօշկէրեան, Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան խորհրդակցական ժողով մը գումարեցին: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համա-ատենապետները` Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:
Վեհափառ հայրապետը ներկայացուց ազրպէյճանցիներու կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքին փակման գծով միջազգային մամուլին իր կատարած յայտարարութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ հաստատած կապերը` միջեկեղեցական ու միջկրօնական շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեալ շրջանակներուն կատարած թէ՛ դատապարտումի արտայայտութիւնները եւ թէ՛ դիւանագիտական աշխատանքները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի նախագահին եւ պետական նախարարին հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան, կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներուն կատարած թելադրութիւններուն եւ այլ աշխատանքներու` շեշտելով հաւաքական ճիգով սփիւռքի մէջ մեր բողոքը արտայայտելու հրամայականը եւ միջազգային համայնքին պարզելու Բերձորի միջանցքին փակման ստեղծած յատկապէս մարդասիրական ծանր հետեւանքները եւ անոր շուտափոյթ վերաբացման անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը ապա կոչ ուղղեց համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ բոլոր համայնքներու, կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու մասնակցութեամբ, հաւաքական կեցուածք ճշդելու, դատապարտումի ձայն բարձրացնելու եւ միջանցքին շուտափոյթ վերաբացումը պահանջելու կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց երեք կուսակցութիւններուն կարեւոր դերը:
Ներկաները խօսք առնելով` ողջունեցին վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքները եւ բաժնեցին անոր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները` շեշտելով համահայկական ճիգով ու միջկուսակցական գործակցութեամբ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ կազմակերպուելու եւ ազդու միջոցներով ու գաղութներու շրջապատին համապատասխան մօտեցումով մեր հաւաքական բողոքը արտայայտելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը: