Փայլան Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան:
Կարօ Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծին մէջ կ'առաջարկուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յստակացնել պատասխանատուները, հասարակական վայրերէն հեռացնել պատասխանատուներուն անունները, փոխարէնը տեղադրել Ցեղասպանութեան դէմ կանգնածներուն անունները, տուժուածներուն եւ անոնց ժառանգներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տալը: