Քոնկրէսականները քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնսդրական նախագիծը

2019-10-23
Image

ԱՄՆ օրէնսդիրները կը քննարկեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնսդրական նախագիծը, կը յայտնէ ԱՄՆ ազգային NPR ռատիոալիքը։

«Խորհրդարանի պատգամաւորները կը քննարկեն ինչպէս Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրէնքի ընդունման, այնպէս ալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի ընդունման հարցը։ Աւելի վաղ Քոնկրէսը քննարկած էր այն հարցը, որ 1915-ի իրադարձութիւնները, երբ 1,5 միլիոն հայ սպանուած է, որակուի որպէս «ցեղասպանութիւն»։ Թուքիոյ կառավարութիւնը պատմականօրէն հանդէս կու  գայ այդ ճանաչման դէմ եւ, ինչպէս կ'ակնկալուի, կը դիմակայէ երկու նախաձեռնութեանն ալ»,- ըսուած է հաղորդման մէջ։

Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Էլիոթ Էնկէլը նշած է, որ Թուրքիոյ կառավրութիւնը, ակնյայտ է, դժգոհ պիտի ըլլայ։ «Ես վստահ եմ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դժգոհ է, սակայն մենք ալ դժգոհ ենք Թուրքիոյ կառավարութենէն»,- ըսած է ան։