Հայաստան. Ապրիլ ամսուան  ընթացքին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը անկում ապրած է 17,2 տոկոսով

2020-05-26
Image

Ապրիլին` նախորդ տարուայ Ապրիլի համեմատ, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը Հայաստանի մէջ աննախադէպ անկում ապրած է` 17,2 տոկոս, եւ այս, մէկ ամսուայ կտրուածքով, գրանցուած խոշորագոյն անկումն է 2011 թուականէն ի վեր, ինչ Հայաստանի տնտեսութիւնը սկսան չափել նաեւ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշով։

Վիճակագրական կոմիտէի այսօր հրապարակած տուեալներուն համաձայն` այս ապրիլին, երբ տնտեսութիւնը, ըստ էութեան, փակ էր «Քորոնա» ժահրի պատճառով, անկում  գրանցուած է տնտեսութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ. շինարարութեան ոլորտին մէջ՝ 51 տոկոս, ներհայաստանեան առեւտուրի շրջանառութիւնը կրճատուած է 33,1 տոկոսով, ծառայութիւններու ծաւալը (առանց առեւտուրի)՝ 15,9 տոկոսով, արդիւնաբերութիւնը անկում գրանցած է 8,6 տոկոսով, արտահանումը՝ 30,3 տոկոսով, ներմուծումը՝ 27,4 տոկոսով, գիւղատնտեսութեան տուեալները ներկայացուած չեն։

Նախորդ ամսուն՝ Մարտին, 2019 թուականի մարտին համեմատ, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը նոյնպէս անկում գրանցեր էր, սակայն անհամեմատ փոքր թիւով` 4,4 տոկոս։

Ազգային ժողովին, իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ՝ Հայկ Գէորգեանի խօսքով` տեղի ունեցածը սպասելի էր.- «Կը սպասէի, որ ապրիլը կ'ըլլայ ամենամեծ անկումը արձանագրած ամիսը: Կը կարծեմ` նոյնատիպ ինչ-որ բան կ'արձանագրուի նաեւ մայիսին, բայց ես համոզուած եմ, որ այն կ'ըլլայ կորի ամենաներքեւի կէտը, այսինքն` ապրիլ-մայիսը կ'ըլլայ, ինչպէս կ'ըսեն յատակը, որմէ ետք ցուցանիշները կը սկսին բարձրանալ, ի հարկէ չեն վերականգնուիր արագ, մքանի մը ամսուայ մէջ, բայց կորը կը սկսի բարձրանալ»:

Մօտ մէկ ամիս առաջ, կառավարութեան նիստին մէջ հրապարակուեցաւ գործադիրի կանխատեսումը, ըստ որու այս տարին Հայաստանի տնտեսութիւնը կը փակէ 2 տոկոս անկումով: Միեւնոյն ժամանակ, «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած, երբ երկրի տնտեսութիւնը փակ էր շաբաթներ շարունակ, կառավարութիւնը յայտարարեց, որ տարուայ ընթացքին 260 միլիառ դրամ կամ այսօրուայ փոխարժէքով աւելի քան 530 միլիոն տոլար լրացուցիչ պարտք պիտի վերցնէ։