«Իմ քայլը» հիմնադրամը ամանորեայ հեքիաթ կազմակերպած է Լոռի բնակող շուրջ 340 արցախցի երեխայի համար

2020-12-30
Image

Լոռի բնակող արցախցի ընտանիքներ ու զոհուած, վիրաւոր լոռեցիներու շուրջ 340 երեխայ 29 դեկտեմբերին Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ հնարաւորութիւն ունեցան մասնակից ըլլալու ամանորեայ հեքիաթի:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Իմ քայլը» հիմնադրամը՝ նշելով, որ բոլոր բալիկները ստացան նաեւ ամանորեայ նուէրներ: 

Յիշեցնենք, որ «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամն Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած, վիրաւորում ստացած, անհետ կորած կամ գերեվարուած զինվորներու, ինչպէս նաեւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի Հանրապետութենէն ՀՀ տեղափոխուած ընտանիքներու 6-12 տարեկան շուրջ 5000 երեխայի համար կը կազմակերպէ ամանորեայ միջոցառումներ: