«Wanderlust» ճամբորդական ամսագրի կայքին մէջ ստեղծուած է Հայաստանը ներկայացնող էջ

2021-07-16
Image

ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէէն ներս հիւրընկալաղ են Բրիտանական «Wanderlust» ճամբորդական ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը, որ իր գործընկերոջ հետ միասին առաջին անգամ Հայաստան է Կոմիտէի հրաւէրով` բացայայտելու, իր կարծիքով քիչ ճանչցուած, խորհրդաւոր երկիր մը, որ ունի բոլոր նախադրեալները՝ հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ, համեղագոյն խոհանոց, ջերմ եւ հիւրընկալ մարդիկ, դառնալու բրիտանացի (եւ ոչ միայն) զբօսաշրջիկի համար գրաւիչ ճամբորդական ուղղութիւներէն մէկը։

Wanderlust travel magazine ամսագիրը յատկապէս կը թիրախաւորէ Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Ծոցի երկիրներու ճամբորդները, որոնք կ'ընտրեն ոչ սովորական, քիչ բացայայտուած ուղղութիւններ։ Համանուն կայքը կ'այցելեն ամսական 1.500.000 այցելու։

Կայքին մէջ արդէն ստեղծուած է Հայաստանը զբօսաշրջիկին ներկայացնող էջը, որ պարբերաբար կը թարմացուի։ Հետագայ համագործակցութեան ընդլայնումը հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանը տարբեր դիտանկիւններէ բացայայտել եւ ճանաչելի դարձնել ամսագրի հաւատարիմ բաժանորդներու, զբօսաշրջային ընկերութիւններու եւ կայքի այցելուներու համար։