Ամերիկեան ViaSat ընկերութիւնը կը դադրեցնէ անօդաչուներու տուփերու վաճառքը Թուրքիոյ

2020-10-22
Image

Ամերիկեան ViaSat ռազմական ընկերութիւնը կը դադարեցնէ իր բոլոր մատակարարումները Թուրքիոյ։

Սա տեղի ունեցած է ընկերութեան առջեւ ամերիկահայերու իրականացուցած բողոքի ցոյցերէն ետք, որոնց ընթացքին ցուցարարները պահանջած են այլեւս տեխնոլոգիաներ չտրամադրել թրքական «Պայրաքթար» տրոններու համար։

ViaSat ընկերութեան մատակարարած արհեստագիտական մասնիկը կ'ապահովէ տրոնի ուղեղի աշխատանքը։

Յիշեցնենք՝ օրեր առաջ Գանատան դադրեցուցած էր Թուրքիոյ տրոնի բաղադրիչներու վաճառքը։ Այս մասին իր դիմատետրի էջին հրապարակում կատարած է քաղաքական գործիչ Ստիոպա Սաֆարեանը։