ԱՄԷ-ի մէջ պիտի բացուի երեք կրօններու տաճարը

2021-02-09
Image

Արաբական երեք կրօններու՝ քրիստոնէութեան, իսլամի եւ յուդայականութեան տաճարը կը նախատեսուի բանալ յաջորդ տարի (2022) Ապու Տապիի մէջ: Այս մասին յայտնած է  Ռուսաստանի մէջ ԱՄԷ-ի դեսպան Մուհամմատ Ալ Ճապէրը:

 Ան հաղորդած է, որ հրէական թանգարանին մէջ եւ հանդուրժողականութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հաստատութեան եւ ԱՄԷ դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագրի ստորագրում։ Միջոցառումը նուիրուած եղած է եղբայրութեան միջազգային օրուան, որ ՄԱԿ-ը հռչակած է Էմիրութիւններու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Պահրէյնի նախաձեռնութեամբ:

«2022 թուականին Ապու Տապիի մէջ կը նախատեսուի բանալ աշխարհի երեք կրօններու ՝ իսլամի, քրիստոնէութեան, յուդայականութեան տաճարը։ Այն պիտի կոչուի «Աբրահամի ընտանիքի տուն»,-ըսած է դեսպանը միջոցառման ժամանակ։

Կրօնական համալիրը, անոր խօսքով, պիտի դառնայ ուսուցման, երկխօսութեան եւ ժամերգութիւններու վայր: Այն, ինչպէս նշած է դիւանագէտը, պիտի նպաստէ բոլոր դաւանանքներու մարդոց մերձեցման։