Ան ծնաւ, որ Լոյս ըլլայ. Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ

2023-01-05
Image

Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ:

Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երկուքի՝ Սուրբ Ծնունդի եւ Սուրբ Զատիկի նախորդ օրերը կը կոչուին ճրագալոյց: «Ճրագալոյց» անունը ծագած է «ճրագ լուցանել» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ երկու անգամ երեկոյեան Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցներուն:

Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի երկու անգամ՝ 5 յունուարի երեկոյան՝ ճրագալոյցի, եւ 6 յունուարի առաւօտեան՝ տէրունական, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը կէսգիշերին եղաւ, իսկ Մկրտութիւնը՝ կէսօրին, ըստ այսմ՝ ճրագալոյցի Պատարագը Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդով է, իսկ առաւօտեանը՝ Մկրտութեան:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն՝ նոր օրը կը սկսի տուեալ օրուան երեկոյէն (ժամը 18.00-էն): Այս պատճառով, տաղաւար տօներէն Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկին նախորդող օրերու երեկոյեան՝ ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, եկեղեցին կ'աւետէ բարի լուրերը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Սուրբ Ծննդեան նախորդ օրը՝ 5 յունուարին, Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի ճրագալոյցի հանդիսաւոր արարողութիւն: Յատուկ արարողակարգով կը վառուին տաճարի ջահերն ու կանթեղները: 

Աւարտէն ետք կը կատարուի յաջորդ օրուան տօնի նախատօնակը, որով սկիզբ կը դրուի Սուրբ Ծննդեան տօնի յիշատակը: Այն Սուրբ Ծննդեան տօնի նախապատրաստութիւնն է: 

Ճրագալոյցի Պատարագի աւարտին հաւատացեալները եկեղեցւոյ կանթեղներէն մոմ կամ ճրագ կը վառեն եւ կը տանին իրենց տուները լուսաւորելու: Այն կը խորհրդանշէ Աստուածային լոյսը, եկեղեցւոյ օրհնութիւնը, Բեթղեհեմեան աստղը: Հնաւանդ ժողովրդական սովորութեան համաձայն՝ ճրագալոյցի երեկոյեան մարդիկ կ'այցելեն զիրար՝ տօնի աւետիսը փոխանցելու:

Ճրագալոյցի երեկոն կը կոչուի նաեւ խթում, այն ուտիքի նախատօնակն է: Նախընտրելի է այդ օրուայ ընթրիքը պատրաստուած ըլլայ ձկնեղէնէ, կաթնեղէնէ ու բանջարեղէնէ եւ առանց միսի:

Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագէն ետք մինչեւ 13 յունուար կը կատարուի նաեւ Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէք: