Առաջիկային 1-2 տասնեակ օդանաւային ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան

2020-09-10
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձաւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներու վերականգնման հնարաւորութեան:

«Քաղաքացիական օդանաւային երթեւեկութեան վարչութիւնը յայտեր կը հաւաքէ, թէ որ օդանաւային ընկերութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները: Ինչքան կը հասկանամ, շատ շուտով՝ արդէն սեպտեմբերի մէջ, գոնէ մէկ-երկու տասնեակ ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան: Քարանթինային ռեժիմին հետ կապուած փոփոխութիւններ իրականացուցած ենք, եւ արտերկրէն ժամանած քաղաքացիները, որոնք չեն ուզեր քարանթինի (մեկուսացման) մէջ մնալ 14 օր, կրնան տեղւոյն վրայ յանձնել քննութիւն եւ մէկ օրուան ընթացքին անոնց պատասխանները կը ստանան: Եթէ պատասխանները բացասական ըլլան, ապա մարդիկ կը կարողանան քարանթին չանցնել», նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: