Արցախի ղեկավարը այցելած է Մարտունի քաղաքին մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն

2020-10-02
Image

Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն այցելած է բուժհաստատութիւն տեսակցելու Ատրպէյճանի զինուժի հրետակոծութենէն Մարտունի քաղաքի մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն: 

Այս մասին Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեկացուցած է Ֆեյսպուքի իր էջին՝ հրապարակելով տեսանիւթ:

«Երէկ՝ ուշ երեկոյեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի ուղեկցութեամբ այցելած եմ Ատրպէյճանի զինուժի հրետակոծութենէն Մարտունի քաղաքի մէջ վիրաւորուած «Le Monde»-ի թղթակիցներուն` Եաղոպզատէն Ռաֆայէլ Շառլզին եւ Ալան Կաւալին: Մեր բժիշկներու արագ եւ արհեստավարժ աշխատանքի շնորհիւ անոնց կեանքին այեւս վտանգ չի սպառնար»,- նշած է ան: