Աւարտին հասաւ Գուգարաց Թեմի «Ծիծեռնակ» ճամբարը

2019-08-29
Image

Աւարտած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի կողմէ կազմակերպուած եւ ամենամեայ  բնոյթ  ունեցող «Ծիծեռնակ» ճամբարը։   

Այս տարի եւս Գուգարաց թեմի «Ծիծեռնակ» եւ «Հրանտ Տինքի անուան»  մանկապատանեկան ճամբարները, օրհնութեամբ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Ջուլճեանի, յաջողութեամբ իրականացուցին մանուկներու հանգստեան, կազդուրման եւ կրթադաստիարակչական առաքելութիւնը:

Այս տարի ճամբարը իր գիրկը ընդունեց շուրջ 1300 երախայ՝ Երեւան եւ Սպիտակ քաղաքներէն՝  Մայր Թերեզայի քոյրերու ուղեկցութեամբ  անապահով ընտանիքներու երախաներ, Աստուածաշնչեան ընկերութիւնէն, COAF Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամէն, Գիւմրիի «Ընտանիք» բարեգործական կազմակերպութենէն, «Ուըրլտ Վիժըն» Հայաստանեան կազմակերպութենէն, Հայաստանի յունական համայնքէն, Էջմիածնի «Էօրնեկեան» դպրոցէն, Երեւանի թիւ 182 դպրոցէն,  Տաշիր, Վանաձոր, Ալաւերդի, Ստեփանաւան քաղաքներէն,  Ջաւախքէն, Թիֆլիսէն, Արցախէն եւ ՀՀ տասնեակ գիւղերէն:

Ճամբարի մէջ իրենց հանգիստը նաեւ անցուցած են ուսանողական եւ երիտասարդական խումբեր եւ կազմակերպութիւններ:

Այս տարի, Սեպուհ արքեպիսկոպոս Ջուլճեանին հրաւէրով պոլսահայ երիտասարդներ եւս այցելեցին ճամբար: Պոլսահայ երիտասարդները ուխտաւորաբար այցելեցին Սանահին, Հաղպատ, Օձուն եւ Սուրբ Յովհան Օձնեցի Հայրապետի շիրիմ, Գիւմրի, Հառիճաւանք, Սեւանայ լիճ, Հաղարծին:

Այս տարի «Ծիծեռնակ»  ճամբար այցելեց հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը, որ աշխատանքային այցով կը գտնուէր Լոռիի մարզ եւ  21 Յուլիսին հիւրընկալուած էր Գուգարաց թեմի առաջնորդարան: Օգոստոս ամսուն պաշտօնական այցով  ճամբար այցելած էին նաեւ Լոռիի մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեանը, Վանաձորի քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը, Լոռիի մարզի կրթութեան,  մշակոյթի եւ սփորթի վարչութեան պետ Ռաֆայէլ Յարութիւնեանը:

Ճամբարականները բացի հիմնական առօրեայէն ՝ մշտապէս առիթ ունեցած են մասնակցելու արշաւներու, զբօսապտոյտներու, թատերական ներկայացումներու, «Վարդանանց յետնորդներ»  փողային նուագախումբի համերգներուն: Ճամբարի իւրաքանչիւր հերթափոխ առանձնայատուկ կերպով անցուցած է իր հանգիստը, սակայն ճամբարի կողմէն մշակուած սկզբունքները եւ յագեցած օրակարգը եղած է բոլոր հերթափոխերու հիմքը եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի գրաւականը:

Սրբազան հօր հետեւողականութեամբ, ջանքերով եւ շարք մը բարերարներու հայրենանուէր ծառայասիրութեամբ, ճամբարը տարուէ տարի առաւել կը շէնանայ եւ կը գեղեցկանայ, այդ բանի արդիւնքով ճամբարի մէջ հանգստանալ ցանկացողներու թիւը օրէ օր կը շատնայ: 

«Ծիծեռնակ» ճամբարը պիտի շարունակէ յառաջիկայ տարինեուն եւս աւելի շէնանալ եւ գեղեցկանալ եւ ընդունիլ մեր սիրասուն մանուկները եւ երիտասարդները: