Գերմանիոյ մէջ «գորշ գայլեր»ը հայերուն սպառնալիք պարունակող բազմաթիւ նամակներ կ'ուղարկեն

Վերջին ժամանակաշրջանին թրքական ծայրայեղական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման անդամները անվտանգութեան սպառնալիք դարձած են Եւրոպայի համար։ Այս մասին գրած է քրտական «ANF News» լրատուական կայքը, կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։
Դեռ 4 նոյեմբերին Ֆրանսայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս որոշեց երկրի տարածքին արգիլել թուրք ազգայնականներուն միաւորող «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Ատոր պատճառը 29 հոկտեմբերին Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքին մէջ «Գորշ գայլեր»ու կազմակերպած քայլերթն էր, որու ընթացքին հայերու դէմ բռնութեան եւ ատելութեան կոչեր հնչեցուցած էին։
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք Գերմանիոյ մէջ ընդդիմադիր եւ իշխող կուսակցութեան շարք մը ներկայացուցիչներ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկան՝ արգիլելու այդ կազմակերպութեան գործունէութիւնը։ Մասնաւորապէս 19 նոյեմբերին Պունտեսթակի մէջ ընդունուեցաւ օրինագիծ։ Այդ օրինագիծին մէջ դաշնային կառավարութիւնը կոչ կ'ընէ միջոցներ ձեռնարկելու Եւրոպայի մէջ «Գորշ գայլեր»ու ազգայնամոլական շարժման ազդեցութիւնը ճնշելու ուղղութեամբ, հետեւելու՝ Գերմանիոյ մէջ անոնց գործունէութեան, ուսումնասիրելու կազմակերպութիւններու արգելման հիմքերը, իրազեկելու՝ հանրութիւնն ու հաստատութիւնները այդ շարժման թիրախներու վերաբերեալ եւ օգտագործելու՝ իրաւական բոլոր հնարաւորութիւնները ծայրայեղականներու քարոզչութեան հակազդելու համար։
Հակառակ եւրոպական երկիրներու մէջ ձեռնարկուած այդ միջոցներուն, թուրք ծայրայեղականները վերջին օրերուն, մասնաւորապէս, Գերմանիա բնակող հայերուն սպառնալիք պարունակող բազմաթիւ նամակներ կ'ուղարկեն։
Գերմանական «Die Welt» թերթի հաղորդմամբ՝ ամէնէն շատ հայերուն ուղղուած սպառնալիքներ հնչած են Գերմանիոյ Հանաու, Օսնապրիւկ եւ Համպուրկ քաղաքներուն մէջ։ Թերթը նաեւ նշած է, որ նոյնաբովանդակ նամակներու զգալի աճ նկատուած է արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։
Գերմանաբնակ հայ փաստաբան Իլիաս Ուիարը «Die Welt» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Քէոլնի եւ Պերլինի մէջ ապրող հայերուն նոյն հեռախօսահամարէն զանգահարելով՝ մահով կը սպառնան։
Այս միջադէպերու կապակցութեամբ Գերմանահայոց առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանը նամակով դիմած է Գերմանիոյ Հիւսիսային Ռէյն-Ուեսթֆալիա դաշնային նահանգի ներքին հարցերով պատասխանատու Հերպերթ Ռոյլին՝ ներկայացնելով այդ երկրին մէջ ապրող հայերու մտահոգութիւնները։
Եպիսկոպոս Իսախանեանը նամակին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած է թուրք ծայրայեղականներու մեկնարկած արշաւներուն։
Քրտական լրատուական կայքը նաեւ նշած է, որ տարիներով Եւրոպան աչք փակելով թուրք ազգայնականներու գործողութիւններուն, վերջապէս վերջին մէկ ամսուան ընթացքին քայլեր կը ձեռնարկէ այս խումբերու գործունէութիւնը արգիլելու համար։